49 տարի առաջ, Յունուար 31ի այս օրը, Փարիզի մէջ մահացաւ սփիւռքահայ գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան։

Ինքնատիպ «երեւոյթ» մը եղաւ Ահարոն հայ գրականութեան մէջ։ Կարծես գրեց ինքն իրեն համար։ Գրելու ուշագրաւ ձիրք ունէր՝ մշակուած լեզու, ինքնատիպ ոճ եւ խոհուն յուզաշխարհ, բայց բնաւ չբացուեցաւ շրջապատին, այլ՝ իր տեսած, ապրած ու զգացած ամէն ինչը, բնութեան թէ մարդկային կեցութեան հետ կապուած, լեցուց իր հոգիին խորերը, գեղեցկօրէն խմորեց ու շաղեց եւ վերածեց... բարձրորակ բանաստեղծութեան։
Ահարոն ոչ միայն «անծանօթ» մը դարձաւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար, այլեւ՝ ինքզինք հեռու պահեց հայ գրողներու եւ մտաւորականներու կենսունակ բեմահարթակներէն ու խռովայոյզ հրապարակներէն։
Բայց Ահարոն մենակեաց ու ինքնամփոփ երգիչ մը չէր իր ստեղծագործական կեանքի առաջին հանգրուանին։ Այդպիսի՛ն դարձաւ հետագային, Առաջին Աշխարահամարտի ընթացքին, երբ սեփական աչքերով տեսաւ հայ ժողովուրդին պարտադրուած ահաւոր գողգոթան։ Սեփական ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան յաճախանքէն բնաւ չձերբազատուեցաւ Ահարոն, որ այլապէս այնքա՜ն կենսուրախ բանաստեղծի ամէն տուեալ ունէր։
Ահարոն աստիճանաբար քաշուեցաւ իր պատեանէն ներս ու խրեցաւ իր ներքին վիշտին ու անհուն տրտմութեան մէջ։ Իր «Հին Կարօտ»ը խօսուն վկայութիւնն է Ահարոն Տատուրեանի այդ մեծ տառապանքին.-

Օտար բոլոր ճամբաներէն քալեցի,
Չըհարցուցի թէ ո՛ւր կու գան, ո՛ւր կ'երթան,
Յաճախ փուշեր, երբեմն ալ վարդ քաղեցի,
Բայց չըգըտայ դեռ քու ճամբադ Հայաստան։
. . .
Օտար բոլոր վիշտերն ինձ մօտ ըզգացի,
Չըհարցուցի թէ մերթ ինչո՞ւ կը կոտտան,
Մոռցայ զանոնք, կամ մէկ օր լոկ սըգացի,
Բայց չըմոռցայ քու վիշտն, անգի՜ն Հայաստան։

Այդպէ՛ս Ահարոն դարձաւ ինքնամփոփ՝ Հայաստանը ամէնուր փնտռող եւ, տարագրութեան մէջ, իր մտքին ու հոգիին խորերը Հայաստանը ստեղծող բանաստեղծը։

Հայութեամբ ու հայկականութեամբ բաբախուն Պարտիզակի ծնունդ էր Ահարոն։ Իր ուսումը ստացաւ նախ Պոլսոյ, ապա՝ Վենետիկի Մխիթարեաններուն մօտ։ Վենետիկեան տարիներուն, դասընկերն ու մտերիմն էր Դանիէլ Վարուժանի, որուն հետ կապուած էր նաեւ գրական աշխարհայեացքով ու հետագային դարձաւ Վարուժանեան դպրոցին արժանաւոր ժառանգորդն ու շարունակողը։
Լեզուական իր ճկունութիւնը եւ ոճական շքեղութիւնը առաւ Մխիթարեաններէն, իսկ Պարտիզակի կենսունակ բարբառին ներգործութեամբ՝ կրցաւ հեռու մնալ Մխիթարեաններու հայերէնին գրքունակ ու կաղապարուած կաշկանդումներէն։
Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Ահարոն հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ այդ տարիներու գրական մեծ զարթօնքին։
Շաւարշ Միսաքեանի «Ազդակ» շաբաթաթերթին, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի գրական հանդէսին եւ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան «Երկունք» պարբերականի էջերուն լոյս տեսան Ահարոնի առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք անմիջապէս սիրուեցան ընթերցողին կողմէ եւ արժանացան գրական քննադատներու ջերմ ընդունելութեան։
Երբ Առաջին Աշխարհամարտը բռնկեցաւ, Ահարոն սպայ էր օսմանեան բանակին մէջ եւ, այդ պատճառով, չենթարկուեցաւ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան 24 Ապրիլի զանգուածային աքսորին ու սպանդին։ Բայց փախուստ տուաւ բանակէն, ամիսներով թաքստոցներու մէջ ապրեցաւ եւ, ի վերջոյ, կեղծ անցագրով անցաւ Պուլկարիա։ Զինադադարէն ետք, 1919ին, իր կարգին վերադարձաւ Պոլիս եւ վերստին լծուեցաւ ուսուցչական եւ գրական աշխոյժ գործունէութեան։
Բայց թրքական երկրորդ հարուածը չուշացաւ եւ, քեմալականներու իշխանութեան ամրապնդումով, հալածանքի ու խստացման ալիքը դարձեալ ստիպեց Պոլսոյ հայ մտաւորականներուն, որ հեռանան իրենց ծննդավայրէն։ Ահարոն 1922ին վերջնականապէս բաժնուեցաւ Պոլիսէն։ Շրջան մը մնաց Պուլկարիա, ապա՝ անցաւ Փրակա, ուր ամբողջացուց համալսարանական իր ուսումը։ 1929ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, շրջան մը ուսուցչութիւն ըրաւ Քէլէկեան որբանոցին մէջ եւ, Երկրորդ Աշխարհամարտէն սկսեալ, նիւթական անձուկ պայմաններու մատնուած, հայ կեանքի հրապարակէն լրիւ քաշուեցաւ եւ մենակեաց ու ինքնամփոփ կեանքին անձնատուր եղաւ...
1939ին մեծ հատորի մը մէջ հաւաքեց եւ հրատարակութեան յանձնեց Պոլսոյ մէջ ապրած տարիներուն ստեղծագործութիւնները՝ «Մագաղաթներ» անունով։ 1940ին լոյս ընծայեց Փրակայի մէջ իր գրած բանաստեղծութիւնները՝ «Պոհեմականք» հատորով։ Իսկ 1949ին հրատարակեց «Սօսեաց Անտառ»ը, որ կը մէկտեղէր փարիզեան տարիներու իր գործերը։ Յետ մահու, 1971ին, լոյս տեսան Ահարոնի «Վերջին Կաթիլներ» եւ «Հին Քերթուածներ» հատորները։
Ստեղծագործական երկար ճամբայ կտրեց Ահարոն Տատուրեան՝ միշտ հաղորդութեան մէջ ըլլալով եւ հաւատարիմ մնալով «մեր բոլոր աւանդութիւններուն, մեր բոլոր հին ու նոր հաւատքներուն, մարդկային բոլոր վիշտերուն եւ խանդավառութիւններուն, ամէնէն խոնարհ ու փարթամ վայելքներուն, հին ու նոր աստուածներուն եւ անոնցմով խորհըրդանշուող կեանքի հանգանակներուն հետ, զորս կը քննէ ստոյիկեան մարդու հայեացքով, հասնելու համար հանդարտ եզրակացութիւններու»,- ինչպէս որ Մինաս Թէօլէօլեան կ'ընդգծէ Ահարոնի նուիրած իր վկայութեան մէջ։
Եւ որքան ալ ցաւ ու վիշտ տեսաւ իր կեանքի ընթացքին, իր ամէնէն տրտում եւ դառն պահերուն անգամ, Ահարոն միշտ պահպանեց հայու իր լաւատեսութիւնը, գրելով՝
Չարը հեռուն կ'աղօտանայ, կ'առկայծի,
Եւ աշխարհը երգ մըն է կարծես, ե՜րգ յարութեան։


Ն.