Ապրիլի 6ի այս օրուան կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը արդի ժամանակներու հայութեան ամէնէն խոհուն եւ պատկառազդու դէմքերէն Լեւոն Շանթի, որ իր ստեղծած մեծատաղանդ գրականութեամբ, ազգային¬քաղաքական յառաջատար գործունէութեամբ եւ մանկավարժական ու սերունդակերտ անձնդիր ծառայութեամբ՝ արժանաւոր իր պատուանդանը նուաճեց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու փաղանգին մէջ։

(Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց օրինագիծի տապալման առիթով)

Երկու օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ, երկրորդ անգամ ըլլալով, առաջարկ բերուեցաւ՝ ընդունելու օրինագիծ մը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ այլ ազգերու դէմ թրքական պետութեան գործած ցեղասպանական ոճիրները դատապարտելու մասին: Առաջարկը ներկայացուած էր «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ:

Յունիսի 4ին, 172 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհը լուսաւորուեցաւ ծնունդովը հայոց նորահաս սերունդներուն գիր ու գրականութիւն, ազգային պատմութիւն եւ հայ մշակոյթ ու, ընդհանրապէս, հոգեմտաւոր լոյս ջամբելու կոչուած մեծարժէք գրողի մը՝ Ղազարոս Աղայեանի։

Ապրիլ 4ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի անզուգական Հայրիկին՝ Ամենայն Հայոց 125րդ Կաթողիկոս Խրիմեան Մկրտիչին, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ իր վեհաշուք տեղը գրաւած է իբրեւ հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական մեծագործ հեղինակութիւն, իբրեւ Հայ Հողին ու Հողի Մարդուն խորհուրդն ու արժէքը յաւերժացուցած Մկրտիչ Ա. Վանեցի։

Մեծ Եղեռնի պետականօրէն ծրագրման ու կազմակերպման նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի այս օրը՝ Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։