Ապրիլի 6ի այս օրուան կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը արդի ժամանակներու հայութեան ամէնէն խոհուն եւ պատկառազդու դէմքերէն Լեւոն Շանթի, որ իր ստեղծած մեծատաղանդ գրականութեամբ, ազգային¬քաղաքական յառաջատար գործունէութեամբ եւ մանկավարժական ու սերունդակերտ անձնդիր ծառայութեամբ՝ արժանաւոր իր պատուանդանը նուաճեց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու փաղանգին մէջ։


Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ» ու «Կայսրը» գլուխ¬գործոցներով անմահացած Լեւոն Շանթի ծննդեան տարեդարձը եզակի պահը կþընձեռյէ իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի Շանթի խորաթափանց պրիսմակով կատարէ փիլիսոփայական, հոգեվերլուծական եւ պատմաքաղաքական ինքնաճանաչումն ու ինքնաքննարկումը Հայու իր ազգային էութեան եւ առանձնայատուկ նկարագրին՝ ամբողջական ու անփոխարինելի ԵՍին։
Վերջին կէս դարուն հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաները շատ մելան հոսեցուցին Հայն ու Հայութիւնը ազգային սնապարծութեան արատներէն մաքրազտելու եւ ազգային մեր ԵՍը իր բազմադարեան յղկումով եւ բիւրեղութեամբ հայոց սերունդներուն աւանդելու համար։ Յանուն հաւաքական մեր ուժին եւ կամքին արմատաւորման ու ամրագրումին՝ Պարոյր Սեւակները հետեւողական պայքար մղեցին, որպէսզի ազգովին կարենանք յաղթահարել անհատաբար թէ հաւաքաբար մեր մէջ ծուարած կեդրոնախոյս եւ յանձնապաստան եսերը, որպէսզի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը կարենայ նոր ժամանակներ թեւակոխել դարերու մաշումին, կործանումին եւ փոշիացումին դիմադրած անփոխարինելի իր ձիրքերուն ճաճանչող ԵՍով։
Հայ ժողովուրդի խոհուն եւ վսեմաշուք այդ ԵՍին բացառիկ պատգամաբերը եղաւ Լեւոն Շանթ։
Բազմաշնորհ ու բազմավաստակ Հայու առինքնող դէմքը եղաւ Լեւոն Շանթ եւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճեց իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ տաղանդաշատ գրագէտը, ներհուն մտաւորականը, անձնուէր հասարակական գործիչը եւ սերնդակերտ մանկավարժը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդը եւ Մեծ Հայը՝ Ամբողջական ԵՍը։
Անխոնջ ու առասպելական եղաւ Շանթի աշխատունակութիւնը, որ բեղուն ու բարձրորակ հարստութիւն մը կտակեց հայ ժողովուրդի սերունդներուն՝ իբրեւ լուսաւորիչ ու ճառագայթող ժառանգութիւն մը հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական¬պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։
Այդպէ՛ս. Նահաշպետեան Սեղբոսի զաւակը եւ հօր անունով Սեղբոսեան Լեւոն անուանակոչուած Լեւոն Շանթը, իր կեանքով ու գործով, այլեւ ու մանաւանդ իր աշխարհայեացքով՝ եղաւ ամբողջական անհատականութեան մը եւ մեծադիր ԵՍի մը ճառագայթող խտացումը, որ իր անձին, կեանքին ու գործին առինքնող օրինակով յաւերժացուց Հայ Գրականութեան եւ հայութեան Ազգային Ինքնութեան վսեմաշուք ԵՍը։
Ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման մնայուն ձգտումը, իբրեւ իր ողջ էութիւնը տոչորող ներքին կրակ, շարժիչ ուժը եւ անխոնջ աշխատանքի կենարար աղբիւրը հանդիսացաւ Շանթի ողջ կեանքին, անոր ստեղծագործական թէ հասարակական գործունէութեան։
Շանթի կենսագրութիւնը ինքնին յուզիչ եւ բարդ պատմութիւնն է իբրեւ Մարդ եւ Հա՛յ Մարդ անոր ինքնակատարելագործման մնայուն պայքարին։
Պոլիս ծնած, Սկիւտարի վարժարանին մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստացած, մանուկ տարիքին որբացած եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մուտքի քննութեան յաջողած Սեղբոսեան Լեւոնը, ամբողջական հայու իր ինքնազարգացման առաջին ոստումը կատարեց, երբ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու կազմաւորումը մէկ ու միակ շաղախի վերածեց եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ արեան կանչէ բխող այդ նուաճումին։
Խառնուածքով խոհուն եւ յուզաշխարհով բանաստեղծ Լեւոն Շանթի անբեկանելի անհատականութեան ինքնակատարելագործման օրրանը եղաւ Գերմանիան, ուր 1892էն մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձարգոյն ուսման հետեւեցաւ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց մէջ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։ Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնն էր։
Մինչեւ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումն ու հասունացումը, Լեւոն Շանթ իր բանաստեղծութիւններով ու արձակով՝ վիպակներով, արդէն դրսեւորած էր ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձած էր հազիւ երիտասարդ Շանթի։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով, Շանթ աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը եսապաշտութեան՝ քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու իր պայքարը։ Յատկապէս թատերական իր գործերը լրիւ յագեցան Հայու ԵՍը իր ինքնահաստատման դարաւոր ձգտումով թեւաւորելու, հայու գեղջկական պարզութեամբ ու վեհութեամբ զարգացնելու, խորացնելու եւ կատարելագործելու բանաստեղծականութեամբ։
Լեւոն Շանթ երկար ապրեցաւ եւ հայ ժողովուրդի համար վերելքի, անկումի, վերականգնումի եւ տառապագին մաքառումներու այդ դժուարին ժամանակները ցմրուր ճաշակեց ու բառին ամբողջական առումով ապրեցա՛ւ։ Շարունակ կանգուն մնաց ու գործեց հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ, Թիֆլիսի գրական¬մշակութային զարթօնքին մեծարժէք դրօշակիրներէն դարձաւ, հայ ազգային¬ազատագրական շարժումին հաւատաւոր եւ լուսաւոր առաջնորդներէն դարձաւ, սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու հոգեմտաւոր զարգացման մեծ դաստիարակը դարձաւ եւ երբ հնչեց նորանկախ Հայաստանի քաղաքական¬պետական կեանքին տիրութիւն ընելու ժամը՝ անվարան նետուեցաւ գործի ասպարէզ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական ամէնէն դժուարին բանակցութիւններուն իր ներդրումը կատարելով ու ազգային անկորնչելի արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ շահերուն անզիջող պահապանը դառնալով։
Եւ ո՛ւր որ ալ ճակատագիրը տարաւ զինք՝ Լեւոն Շանթ ողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման դարու զէնքերով մշակուած ու յղկուած էր եւ միշտ յառաջ կը մղուէր Ամբողջական Հայն ու Ամբողջական Մարդը մարմնաւորելու ձգտումով։
Այդ իմաստով ալ Հայկական ԵՍին ամէնէն ազնուական եւ վսեմաշուք ճառագայթումը եղաւ Լեւոն Շանթ, որ «Հին Աստուածներ»ու գլխաւոր հերոսին՝ Վանահօր բառերով եւ փոխաբերական պատկերով պատգամեց, թէ՝
«... Իմ փնտռածս աշխատա՛նքն է, ներքին անդուլ ու անկաշկանդ որոնումը՝ ներքին անվերջ նուաճումները բարձունքէ բարձունք, պարիսպէ պարիսպ, տարակոյսներու անդունդներուն վրայէն, ելքերով ու անկումներով. անդադար խոյանք մը դէպի ճշմարտութիւնը։ Գացէ՛ք, գացէ՛ք ներս, դուք՝ ձեր եկեղեցին, ես ալ երթամ շինեմ ի՛մ եկեղեցիս, բայց այս անգամ ե՛ս, միա՛յն ես, եւ կերտուածք մը, որ վայել ըլլայ իմ Աստծուս բնակութեանը, որու կամարներուն տակ իմ խնկելիք աղօթքիս ո՛չ մէկ բառը կեղծ չհնչէ, ո՛չ մէկ բառի արձագանգը դատարկ չհնչէ։
«... Իմ տաճարիս հիմքը իմ բանականութիւնս պիտի ըլլայ, սիւները՝ իմ կամքս է, ու գմբէթն ալ ըլլալու է հաւատքս։
«... Քանի կþապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք մեր Աստծուն իր տաճարը. շինենք ու փլի, շինենք ու քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ Աստծու...
«... Ամէնէն ստոր հոգիները միայն հայհոյել կրնան այն Աստծուն, որուն երբեմն երկրպագեր են»։


Ն.