Յատկապէս այս օրերուն թրքական պետութիւնը յաճախակի, պատեհ թէ անպատեհ ամէն առիթ ստեղծելով, կ'ուզէ քաղաքակիրթ աշխարհին մօտ տարածել այն տպաւորութիւնը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներէն իսկ թուրք քաղաքական միտքը, իբր թէ «ամենայն լայնախոհութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ», յարգած է եղեր կրօնքն ու կրօնական կառոյցները իր իշխանութեան տակ ապրող ժողովուրդներուն։

Պատմութիւնը, սակայն, որ իրողութեանց եւ ճշմարտութեանց միակ վստահելի արձանագրողն է, ըստ ամենայնի կը յորդի հակառակը փաստող ապացոյցներով։
Յատկապէս հայ ժողովուրդի օրինակը աւելի քան խօսուն է այս իմաստով։ Գաղտնիք չէ, որ օսմանցի թուրքը իր լուծին տակ առած հայ ժողովուրդին «ինքնուրոյն համայնք»ի կարգավիճակ տուաւ պարզապէս մաքիաւելական այն տրամաբանութեամբ, որ Սուլթանի հպատակները հարկ էր բաժան¬բաժան ընել՝ անոնց տիրապետելու համար... Բիւզանդական Կայսրութեան կործանումէն վերապրած Յոյն Ուղղադաւան Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը տկարացնելու նպատակին կը ծառայէր, առաջին հերթին, Հայոց Պատրիարքութեան ստեղծումը, որպէսզի նորաստեղծ թրքական կայսրութիւնը կարենար քրիստոնեայ հպատակները բաժնել ու տիրել...
Թուրք պետական-քաղաքական միտքը մինչեւ այսօր միեւնոյն մաքիաւելականութեամբ կը խաղարկէ իր լուծին տակ ինկած ժողովուրդներուն կրօնական իրաւունքները «յարգելու» կեղծիքի լարին վրայ։
Իսկ իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը այն է, որ բուռն պայքարներու գնով հայ ժողովուրդը կրցած է իր ազգային-կրօնական իրաւունքները պահպանել թրքական պետութեան բռնակալ ճնշումներուն եւ ոտնակոխումներուն դէմ։
Այդ առումով մեծապէս ուսանելի է պատմութիւնը Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին, որդեգրումին եւ, մանաւանդ, թրքական կաշկանդումներուն դէմ մեր ժողովուրդին մղած հետեւողական պայքարին։
Յուշատետրի այսօրուան էջը վկայութիւն մըն է այդ իմաստով։
1863ի այս օրը՝ Մարտ 30ին (Հին Տոմարով՝ 17 Մարտին), Օսմանեան Կայսրութեան սուլթանական հրովարտակով, պաշտօնապէս պետական վաւերացում ստացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն անկիւնաքարերէն մէկը հանդիսացող Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Ինչպէս որ այդ «կայսերական հրովարտակին» վերաբերեալ Օրմանեան Արքեպիսկոպոս նշած է իր «Ազգապատում»ին մէջ, սուլթանը ամբողջ 34 ամիս ձգձգեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովին կողմէ 1860ի Մայիս 24ին (Հին Տոմարով) որդեգրուած Ազգային Սահմանադրութեան պաշտօնական ճանաչումը օսմանեան պետութեան կողմէ։
Օսմանեան Կայսրութեան գահակալը, ընդհանրապէս իր բռնատիրական իշխանութիւնը պահպանելու մտասեւեռումով, չէր կրնար ընդունիլ, որ սահմանադրական կարգերու հաստատման փորձ կատարուի իր տիրակալութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերէր «միլլէթ»ի մը՝ ազգային-կրօնական փոքրամասնութեան մը ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման մէջ ժողովրդավարական տարրական կանոններու կիրարկումին։
Իսկ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը սոսկ ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման հետամուտ կանոնադրութիւն մը չէր, նոյնիսկ եթէ պաշտօնական անուանումը այդպիսին էր՝ կանոնագրութիւն էր (Նիզամնամէ) օսմաներէնով։
Արեւելեան կողմն Հայաստանի, ուր Ցարական Կայսրութիւնը հաստատած էր իր տիրակալութիւնը՝ իբրեւ «քրիստոնեայ» եւ հայոց «ազատարար» պետութիւն, ռուս միապետական իշխանութիւնը փութացած էր մշակելու եւ պարտադրելու իր լուծը ամրագրող կանոնագրութիւն մը՝ Պոլոժենիան, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառոյցն ու կազմակերպական կեանքը ամբողջապէս Ցարի հակակշռին տակ առնելով։ Փաստօրէն, Պոլոժենիան՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին ղեկավարելէ աւելի, զայն ցարական հսկողութեան տակ պահելու կոչուած կանոնադրութիւն մըն էր։
Մինչդեռ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ թէ արեւելեան՝ հայկակա՛ն նահանգներուն մէջ, 1850ականներուն արդէն, բուռն պայքար ծաւալած էր՝ յանուն հայութեան կեանքը ժողովրդավարական մասնակցութեան սկզբունքներով ղեկավարելու իրաւունքին։
Առաջացած էին հակադիր երկու ճակատներ. մէկ կողմը կղերամիտ եւ պահպանողական հոգեւորականներն ու ազգային ջոջերն էին՝ ամիրաներու եւ սեղանաւորներու ներկայացուցիչներով, իսկ միւս ճակատին վրայ խմբուած էին ազատախոհ մտաւորականները, որոնց աջակից էին նաեւ լուսամիտ հոգեւորականները եւ նոր կազմաւորուող քաղքենի խաւի, արհեստաւորներու (էսնաֆ) յառաջադէմ տարրերը։
Աշխարհաբարի որդեգրման եւ համընդհանուր ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջանն էր արեւմտահայոց համար։ Եւրոպա ուսանած, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր 1848ի յեղափոխական պոռթկումներուն ականատես ու մասնակից դարձած խումբ մը հայ երիտասարդ մտաւորականներ, վերադառնալով Երկիր՝ յառաջդիմական իրենց գաղափարներով արթնցուցած էին Պոլսոյ թէ գաւառներու հայութիւնը։
Նոյնինքն Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդհանրապէս յայտնուած էր Եւրոպայէն տարածուող ժողովրդավարական գաղափարներու ուժեղ հոսանքին տակ, մանաւա՛նդ Պոլսոյ մէջ, ուր մամուլը հսկայաքայլ զարգացում կþապրէր եւ կþընդարձակէր ժողովրդային լայն բազմութիւններուն հասնելու իր ազդեցութեան շրջագիծը։
Քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ձեռքբերման համար տակաւ սաստկացող համընդհանուր այդ պայքարի մթնոլորտին մէջ, արեւմտահայ զարթօնքի շարժումը կեդրոնացած էր Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման վրայ, որովհետեւ օսմանեան օրէնքով իսկ Հայոց Պատրիարքութեան փոխանցուած էր կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն ոչ միայն հոգեմտաւոր կեանքի, այլեւ քաղաքացիական իրավիճակին առընչուող բոլոր հարցերու կարգաւորման լիազօրութիւնը, անշուշտ սուլթանական կառավարութեան բռնակալ հակակշռին տակ։
Պատրիարքարանի ղեկավարման եւ այդ ճամբով հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքացիական կեանքի կարգաւորման ամբողջ գործունէութիւնը կղերի ու պահպանողական իշխանաւորներու մենաշնորհէն, կամայականութենէն եւ սուլթաններու ստրկամիտ ծառայութենէն դուրս բերելու, այլեւ ժողովուրդի լայն խաւերուն ներգործօն մասնակցութեամբ հակակշռելու Զարթօնքի շարժումը յաղթական մակընթացութեան փուլ թեւակոխեց 1853ին։ Պատրիարքութեան Ազգային Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովներու միացեալ նիստը, այդ տարի, տեղի տալով համաժողովրդային թափ ստացած ազատախոհ ճակատի ճնշման առջեւ, որոշեց կեանքի կոչել հայութեան կրթական կեանքի ղեկավարման յատուկ մարմին մը՝ «Ուսումնական Խորհուրդ» անունով, որուն պէտք է փոխանցուէր հայոց ազգային թէ մասնաւոր վարժարաններու եւ կրթական հաստատութեանց մատակարարման եւ հունաւորման ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։
Յատկանշականը այն էր, որ նորաստեղծ «Ուսումնական Խորհուրդ»ին անդամ նշանակուեցան Եւրոպայէն ուսումնաւարտ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներ։ Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ն. Պալեան, Ս. Վիչէնեան (Սերվիչէն), Կարապետ Իւթիւճեան, Մկրտիչ Աղաթոն եւ Գրիգոր Աղաթոն անունով այդ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով լծուեցան հայեցի ուսումնական ծրագիրներու բարեկարգման եւ ընդհանրապէս հայոց կրթական կառոյցներու ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմերու վրայ դնելու աշխոյժ աշխատանքին։ Բնականաբար անոնք բախեցան իշխող մտայնութեանց յարուցած բազմատեսակ խոչընդոտներուն, բայց ոչ միայն տեղի չտուին, այլեւ բարեկարգչական եւ ժողովրդավարացման իրենց պայքարի ծիրը ընդլայնեցին՝ ամբողջ Պատրիարքարանի գործունէութիւնը կանոնակարգելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալով։
Տարիներու վրայ երկարեցաւ անոնց պայքարը, բայց այդ ժամանակամիջոցին մշակուեցաւ եւ բուռն հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ բիւրեղացաւ սահմանադրական ու կանոնադրական սկզբունքներու ամբողջ շարք մը, որ Հայոց Պատրիարքի ընտրութենէն եւ հրաժարեցումէն մինչեւ ազգային իշխանութեանց տարբեր օղակներու կազմաւորման, իրաւասութեանց յստակեցման ու զատորոշման հարցերը օրէնսդրական կարգաւորումի ենթարկեց։ Սահմանադրական սկզբունքներու, օրէնքներու եւ կանոններու այդ ամբողջութեան առանցքն ու առաջատար գաղափարը եղաւ հայ ժողովուրդին լիարժէք մասնակցութեան ապահովումը եւ ժողովրդային հակակշռի գերակայութեան հաստատումը Ազգի Գործերու յանձանձման ու ղեկավարման մէջ։
Ահա այդ բարեկարգումներու ամբողջութիւնն էր, որ ստացաւ Ազգային Սահմանադրութիւն անուանումը եւ, յետ երկարատեւ բախումներու եւ ազատախոհական տրամադրութիւններու յաղթական տարածումին, 1860ի Մայիս 24ին ի վերջոյ որդեգրուեցաւ Հայոց Պատրիարքութեան Ազգային Ժողովին կողմէ։
Եւ Ազգային Սահմանադրութեան այդօրինակ որդեգրումին ընդդիմացող պահպանողական շրջանակներն էին, որ ամէն միջոցի դիմեցին, որպէսզի խափանեն անոր վաւերացումը սուլթանական կառավարութեան կողմէ։ Ներքին կարգով հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան կիրարկումը Հայոց Պատրիարքին կողմէ առկախուեցաւ հաստատումէն տարի մը ետք, 1861ի Օգոստոս 26ին։ Բայց Սահմանադրութեան կողմնակիցները տեղի չտուին եւ սաստկացուցին սուլթանական վաւերացումը արագացնելու պայքարը։ 1862ին նոյնիսկ ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպուեցան Պոլսոյ հայութեան կողմէ՝ հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան պետական¬սուլթանական վաւերացումը պահանջելով։
Ահա՛ ժողովրդային այդ ուժեղ ճնշումը, նոյնպէս եւ եւրոպական արժէքներուն հետ քայլ պահելու Օսմանեան Կայսրութեան բարեկարգումի ընդհանուր հրամայականը ստիպեցին Սուլթանին, որ 30 Մարտ 1863ին պաշտօնապէս վաւերացնէ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Անշուշտ սուլթանական վաւերացման արժանացած Կանոնագրութիւնը կարեւոր չափով կրտեց 1860ին հաստատուած Սահմանադրութիւնը։ Անոր 150 յօդուածները զեղչելով հասցուց 99ի՝ դուրս ձգելով Պատրիարքութեան հիմնական որոշումներուն կայացման մէջ ժողովրդային ու աշխարհական մասնակցութեան իրաւունքն ու գերակշռութիւնը ամրագրող կարեւոր կէտերը։ Այսուհանդերձ՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմք ծառայեց արեւմտահայոց ազգային կեանքի կազմակերպական վերակառուցումին՝ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկման ուղղութեամբ։ Ազգային Սահմանադրութիւնը գործեց մինչեւ 1896, երբ Համիտ առկախեց անոր կիրարկումը։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք անիկա վերստին կեանքի կոչուեցաւ, բայց 1915ի ցեղասպանական մեծ ոճիրէն ետք եւ քեմալական կարգերու հաստատումով՝ ենթարկուեցաւ պետական նոր կաշկանդումներու։
Շուրջ մէկուկէս դար անցած է այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։ 19րդ դարու երկրորդ կէսը հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ամէնէն բուռն դարձակէտը կազմեց։ Հայկական յեղափոխութեան բռնկումն ու բոցավառումը ուղղակիօրէն արագացուցին հայ կեանքի ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմքի վրայ հաստատելու եւ ամրապնդելու Ազգային Զարթօնքի շարժումը։ Այսօր չկայ Օսմանեան Կայսրութիւնը։ 1915էն 1923 հայ ժողովուրդը իր հայրենի բնօրրանէն արմատախիլ եղաւ ու աշխարհացրիւ դարձաւ։ Արեւելեան կողմն հայաշխարհի, մեր ժողովուրդը հերոսական իր արեան գնով անկախ հայրենիք կերտեց եւ ազգային պետականութիւն հիմնեց։ Քսաներորդ դարու ողջ ընթացքին հայ ժողովուրդը արդի դարաշրջան մուտք գործեց տարահուն երկու ուղղութիւններով։ Բայց պատմակշիռ այդ զարգացումներու բովին մէջ իր կեանքը շարունակեց Ազգային Սահմանադրութիւնը, պատշաճեցաւ հայութեան սփիւռքեան կեանքի պայմաններուն եւ մասնակի փոփոխութիւններով շարունակեց հիմքը կազմել սփիւռքահայ հայօճախներու ազգային կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարումին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու թեմերը համապատասխան հունի մէջ պահելով եւ առաջնորդելով։
Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմնովին վերանայելու եւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ իրականութեան լիարժէք համապատասխանեցնելու պահանջը շատոնց հասունցած է։ Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով՝ նաեւ այժմէական ու հրատապ կարեւորութիւն ստացած է այդ պահանջը։ Եկած է ժամանակը, եթէ ուշացած չէ արդէն, որպէսզի նոյնինքն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն սկսելով եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը հունաւորող բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն եւ եկեղեցիներուն վրայ տարածուելով, 21րդ դարու ժողովրդավարացման ընդհանուր հունին մէջ վերամշակուի, ամբողջացուի ու վերահաստատուի հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ համահունչ մեր ժամանակներու հայ կեանքի առանձնայատկութեանց եւ առաջնահերթութեանց։
Հայաստանի քսանամեայ անկախութեան բարիքներէն մէկն ալ եղաւ այն, որ նաեւ հայրենի հողի վրայ սկսան աւելի ազատ եւ բարձրաձայն հնչել Ազգային Սահմանադրութեան ոգիով եւ տառով ազգային-կրօնական մեր կեանքը վերակազմակերպելու պահանջները։
Կողքի սիւնակով ներկայացուած «Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան»ի տեղեկանքը յուշարար մըն է այդ ուղղութեամբ։


Ն.


ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ - 1860

Ազգային Սահմանադրութիւն Հայոց.- Արեւմտահայերի կրօնահամայնական կեանքը կարգաւորող կանոնադրութիւն: Ընդունել է Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքարանը 1860ի Մայիսի 24ին: Սակայն սուլթանական կառավարութիւնը մօտ 3 տարուայ ձգձգումից յետոյ եւ էական կրճատումներով (յօդուածների թիւը, երեսփոխան-պատգամաւորների, յատկապէս՝ գաւառները ներկայացնողների քանակը եւայլն) այն վաւերացրել է միայն 1863ի (Հին Տոմարով) Մարտի 17ին (թուրքերէն կոչւում էր «Հայ Ազգի Կանոնադրութիւն»):
1853ին Կ. Պոլսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներից ընտրուած մարմինների՝ Ազգային, Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովների համաձայնութեամբ կազմուել է Ուսումնական Խորհուրդ, որի անդամներ Ն. Ռուսինեանը, Գ. Օտեանը, Ն. Պալեանը, Ս. Վիչենեանը (Սերվիչէն), Կ. Ութուճեանը, Մ. եւ Գ. Աղաթոն եղբայրները 1857ին մշակեցին կրօնական, ազգային, մշակութային, հասարակական կեանքին վերաբերող կանոնադրութիւն:
«Սահմանադրութիւն» է կոչուել Ն. Ռուսինեանի առաջարկով, քանի որ գրուել էր բելգիական սահմանադրութեան գլխաւոր սկզբունքների հիման վրայ‘ միաժամանակ կրելով 1848ի Ֆրանսիական Յեղափոխութեան գաղափարների ազդեցութիւնը: Կազմուած էր ներածութիւնից («Հիմնական սկզբունք»), 5 գլուխներից, որոնք իրենց հերթին բաժանւում էին առանձին ենթագլուխների եւ 99 յօդուածներից (նախնական տարբերակում‘ 150):
Որպէս հիմնական սկզբունք՝ Կ. Պոլսի հայոց պատրիարքը յայտարարւում էր «ազգի ղեկավար», իսկ «մասնաւոր պարագաներու մէջ»՝ միջնորդ օսմանեան պետութեան եւ արեւմտահայութեան փոխ¬յարաբերութիւններում: Նշուած էր նաեւ, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ որոշակի պարտականութիւններ ունի ազգի հանդէպ, ինչպէս եւ ազգը՝ ամէն մի անհատի: Հետեւաբար, ազգն ու անհատը կապուած են «փոխադարձ պարտեօք»: Առանձնակի կարեւորութիւն էր տրւում Հայ Առաքելական Եկեղեցու դաւանանքն ու աւանդոյթներն անաղարտ պահելու, առանց սեռի խտրութեան հայ մանուկներին անհրաժեշտ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ապահովելու, հասարակական կարիքների համար նախատեսուած դրամական միջոցներն ըստ անհրաժեշտութեան օգտագործելու հարցերին եւայլն:
Ազգային Սահմանադրութիւնը կարգաւորում էր Կ. Պոլսի հայոց պատրիարքի գործունէութիւնը՝ զգալիօրէն սահմանափակելով վերջինիս իրաւունքները եւ նշելով պարտականութիւնները: Պատրիարքը պարտաւոր էր հաւատարիմ մնալ Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներին, հետեւել դրանց ճիշտ եւ ժամանակին կիրառմանը, որոշումներն ընդունել միայն իրեն կից ստեղծուած ազգային, կրօնական եւ քաղաքական ժողովների անդամներից կազմուած Ընդհանուր Ժողովի հետ համատեղ եւայլն: Պատրիարքն իրաւունք չունէր ինքնակամ փոփոխել Ազգային Սահմանադրութեան դրոյթները, լուծարել վերոյիշեալ մարմինները: Նշուած սկզբունքները խախտելու համար նա կարող էր ենթարկուել պատասխանատուութեան, իսկ ծայրայեղ դէպքում՝ պաշտօնանկ արուել: Նոր պատրիարքի ընտրութիւնների նախապատրաստումը գտնւում էր ազգային, կրօնական եւ քաղաքական ժողովների հաստատած տեղապահի իրաւասութեան ներքոյ: Պատրիարք կարող էր ընտրուել 35 տարին լրացած, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքում Հայ Առաքելական Եկեղեցու թեմերի «համազգային» հեղինակութիւն վայելած իւրաքանչիւր եպիսկոպոս: Պատրիարքին կից գործելու էին Ազգային Կրօնական (կազմուած 14 հոգեւորականներից) եւ Քաղաքական (կազմուած 20 աշխարհիկ անձանցից) Ժողովներ: Ազգային Կրօնական Ժողովի իրաւասութեանն էին յանձնուած եկեղեցական տարաբնոյթ հարցերի քննութիւնն ու լուծումը:
Քաղաքական Ժողովը տնօրինելու էր աշխարհիկ բնոյթի գործերը: Նրա գերատեսչութեան ներքոյ ստեղծուելու էին Ուսումնական, Տնտեսական, Դատաս- տանական եւ Վանօրէից Խորհուրդներ, ինչպէս նաեւ՝ 3 հոգաբարձութիւններ (Ելեւմտից, Կտակաց, Հիւանդանոցների, բոլորն էլ ենթարկուելու էին Տնտե- սական Խորհրդին): Ինչպէս Ազգային Կրօնական, այնպէս էլ Քաղաքական Ժողովների անդամները վերընտրուելու էին 2 տարին մէկ՝ փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ: Ա. գլխի 3րդ մասը վերաբերում էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին: Տեղի պատրիարքն ընտրուելու էր Ս. Յակոբեանց վանքի միաբանութեան անդամ, 35 տարին լրացած եպիսկոպոսներից, ցմահ՝ Ազգային Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովների համատեղ նիստում:
Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքարանին կից գործելու էին Ազգային Ընդհանուր Ժողովը (բարձրագոյն օրէնսդիր մարմին) եւ Ազգային Կենտրոնական Վարչութիւնը (գործադիր մարմին): Արեւմտահայութեան բոլոր խաւերի շահերն արտայայտելու նպատակով՝ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պէտք է լինէր ներկայացուցչական: Պատգամաւորները (երեսփոխանները) ընտրուելու էին ըստ Կ.Պոլսի թաղերի եւ առանձին գաւառների՝ փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ, այլ ոչ թէ նախկին կարգով՝ ըստ արհեստաւորական միութիւնների (էսնաֆութիւնների): Ընտրելու իրաւունք ունէին 25, իսկ ընտրուելու՝ 30 տարին լրացած, նախկինում չդատուած անձինք: Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորների թիւը սահմանուած էր 140 (20ը՝ հոգեւորական, 120ը՝ աշխարհական, որից 80ը՝ պոլսահայ, 40ը՝ գաւառների ներկայացուցիչներ): Պատգամաւորներն ընտրւում էին 10 տարի ժամկէտով՝ իւրաքանչիւր 2 տարին Ազգային Ընդհանուր Ժողովի կազմի 1/5ը նորացուելու պայմանով: Ժողովը հսկելու էր Ազգային Սահմանադրութեան «անխախտ» կատարումը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքի (Ազգային Ընդհանուր Ժողովի նախագահը), Ազգային Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովների գործունէութիւնը: Ազգային Ընդհանուր Ժողովն էր ընտրելու Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքին, Ազգ. Կրօն. ու Քաղ. Ժողովների անդամներին, երեսփոխանները մասնակցելու էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւններին:
...Ազգային Սահմանադրութիւնը պարտադիր պայման էր համարում աշխատանք եւ համապատասխան շահոյթ ունեցող իւրաքանչիւր հայ անհատի կողմից ամենամեայ «ազգային տուրքի» մուծումը: Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքները յայտարարւում էին անփոփոխելի: Սակայն անհրաժեշտութեան դէպքում եւ որոշակի պայմանով (Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումից 5 տարի անց) յատուկ յանձնաժողովին («վերաքննութեան յանձնաժողով») թոյլատրւում էր վերանայել առանձին դրոյթներ կամ ձեւակերպումներ (փոփոխուած յօդուածները կիրառուելու էին Բարձր Դրան հաստատելուց յետոյ միայն):
Չնայած զգալի թերութիւններին, Ազգային Սահմանադրութիւնը նոր եւ առաջադիմական երեւոյթ էր արեւմտահայ կեանքում: Նպատակն էր աւելի ժողովրդավարական հիմքերի վրայ դնել Կ. Պոլսի պատրիարքարանի գործունէութիւնը, կարգաւորել Օսմանեան պետութեան եւ արեւմտահայութեան փոխ յարաբերութիւնները: Ազգային սահմանադրութեան գործադրման ամենաբեղուն շրջանը 1870-90-ական թթ. էին, մասնաւորապէս` Մկրտիչ Խրիմեանի պատրիարքութեան տարիները (1869-73), երբ Ազգային ընդհանուր ժողովը բազմիցս քննարկել է գաւառահայութեան հարստահարութիւնները սանձա- հարելու որոշումներ, ընտրել հայկական բարեփոխումների ծրագրերն: Օսմանեան կառավարութիւնն ամէն կերպ խոչընդոտել է Ազգային սահմանադրութեան կիրառումը, իսկ 1896-ին Ապտուլ Համիտ II նոյնիսկ արգելել է այն: 1908-ին, կրկին արտօնուելով, Ազգային սահմանադրութիւնը գործել է մինչեւ առաջին աշխարհամարտը (1914-18), երբ Կ. Պոլսի ազգային մարմինների անդամների մեծագոյն մասը դարձաւ Մեծ եղեռնի զոհ: 1916-ի Օգոստ. 10-ին երիտթուրքական կառավարութիւնը «Նոր կանոնադրութիւն հայոց պատրիարքութեան վերաբերեալ» օրէնքով էական սահմանափակումների է ենթարկել Ազգային սահմանադրութիւնը, որի գործունէութիւնը վերջնականապէս կասեցուել է հանրապետական Թուրքիայում (թէեւ որոշ դրոյթներ ներկայումս դեռ կիրառւում են): Այնուամենայնիւ, Ազգային սահմանադրութիւնը զգալի հետք է թողել սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: Նրա հիմնական սկզբունքներն ընկած են ժամանակակից սփիւռքի շատ համայնքների կանոնադրութիւնների հիմքում (ԱՄՆ, Պուլկարիա, Եգիպտոս, Լիբանան, Յունաստան, Ռումանիա, Սուրիա): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1992-ին ընդունած կանոնադրու- թեան մէջ ուղղակիօրէն նշուած է, որ վերջինիս հիմքը Ազգային սահմանադ- րութիւնն է` «իր ոգով եւ էական սկզբունքներով»:

Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան