Մայիսի առաջին օրերը, 92 տարի առաջ, պատմական մեծ նշանակութեամբ յատկանշուող տագնապալի եւ դաժան օրեր եղան Հայաստանի մէջ՝ կործանարար հետեւանքներ ունենալով այնքա՜ն զոհաբերութեամբ նուաճուած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ հոլովոյթին վրայ։

Մայիս 2ի այս օրը, 793 տարի առաջ, վախճանեցաւ ամենայն հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութեան հիմնադիր Լեւոն Բ. Մեծագործը։ Իր կտակին համաձայն՝ Լեւոն Բ. Թագաւորի մարմինը ամփոփուեցաւ Կաթողիկոսանիստ Սիս քաղաքին, իսկ սիրտը՝ իր կառուցած Ակների վանքին մէջ (Եախուտ եւ Բարձրբերդ գաւառներու սահմանագլուխին):

Մայիս 1 է վաղը եւ աշխարհի չորս ծագերուն, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը դադար կ'առնէ եւ համայն մարդկութիւնը կը տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային Օրը։
Թէեւ հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան ազատագրումի գաղափարներով կը նշէ Մայիս 1ը։

Թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան օրերուն, մեր ժողովուրդը միայն նահատակներ չունեցաւ։
Աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր ինկան... բայց հայ ժողովուրդը կրցաւ յարութիւն առնել եւ Հայաստան Աշխարհի թէեւ մէկ փոքր հողակտորին վրայ, այդուհանդերձ ըստ ամենայնի ստեղծեց իր անկախ հայրենիքն ու ազատ պետականութիւնը։

Ապրիլ 25ի երէկուան օրը մահուան 124ամեակն էր անմահն Րաֆֆիի, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ միշտ վառ պիտի մնայ իբրեւ հանճարեղ երգիչը հայ ժողովուրդի ազգային ծառացումի եւ արդար ըմբոստացման ոգիին՝ Հայու Մարտունակութեան։