- Details
- Category: Յուշատետր
12 Մարտի այս օրը, 94 տարի առաջ, թրքական բանակը ամբողջութեամբ գրաւեց Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքը, որ իր ռազմաքաղաքական դիրքով տիրապետութեան բանալին էր ամբողջ Անդրկովկասի։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդը 21րդ դար եւ նոր ժամանակներ մուտք գործեց հասակը բարձր կանգնած, մէջքը շտկած եւ ճակատը բաց ու պայծառ։
Ազգային ինքնավստահութեան եւ ինքնահաստատման այդ խոյանքը մեր ժողովուրդը նուաճեց Արցախեան Ազատամարտով, որ անհաւասար ուժերով ճակատումներէ ու լինելութեան մաքառումներէ յաղթական դուրս գալու հրաշքին նորօրեայ վկայութիւնը եղաւ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Խորհրդային դարաշրջանէն վերապրած սովորոյթի ուժով՝ 8 Մարտը յատուկ կարեւորութեամբ եւ տօնական տրամադրութեամբ կը նշուի Հայաստանի մէջ, իբրեւ Կանանց Միջազգային Օրը։
Ընդհանրապէս յետ-խորհրդային տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները կը պահպանեն Մարտ 8ի տօնական նշանակութիւնը՝ կին էակին մեծարանքը կատարելով, կանանց ծաղիկներ նուիրելով եւ սիրոյ ու գուրգուրանքի քաղցր խօսքերով եւ ելոյթներով ողողելով գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչները։
- Details
- Category: Յուշատետր
Մարտ 7ի այս օրը կը յուշէ ծննդեան 175ամեակը հայ թատրոնի ճառագայթող դէմքերէն Գէորգ Չմշկեանի։
Տաղանդաւոր դերասան, բազմավաստակ բեմադրիչ եւ յառաջապահ թատերական գործիչ էր Գէորգ Չմշկեան։ Հայ մշակոյթի ոսկեմատեանին մէջ ան անմահացաւ իբրեւ արեւելահայ արհեստավարժ թատրոնի հիմնադիրներէն եւ իրապաշտ թատրոնի յառաջապահներէն մէկը՝ հանդիսանալով Գաբրիէլ Սունդուկեանի հանճարեղ գործերուն առաջին բեմադրողն ու գլխաւոր դերակատարը:
- Details
- Category: Յուշատետր
Մարտ 6ի այս օրը, 107 տարի առաջ, հազիւ 49 տարիքը բոլորած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ հե-ռացաւ հայ երաժշտութեան մեծարժէք հսկաներէն Մակար Եկմալեան։
«Հայկական Հանրագիտարան»ը հետեւեալ խիտ գնահատականով կը ներկայացնէ հայ երաժշտութեան երախտաշատ ռահվիրային գործն ու արժէքը.