Մարտ 19ի այս օրը, 56 տարի առաջ, Պէյրութի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի Ֆետայական Շարժման առասպելական հերոսներէն խմբապետ Մուշեղը, որուն ծննդեան 125ամեակը կը տօնենք այս տարի։
Դաշնակցական ֆետայիներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր պատուանդանը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ այս մեծագործ քաջը, որ աւազանի մկրտութեամբ կնքուած էր Մուշեղ Աւետիսեան անունով եւ որ հայոց յիշողութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ Խմբապետ Մուշեղ։

Հայ ազգային գիտակցութեան մէջ կարմիր արեամբ յաւերժացած պահ է 1905 թուականի այս օրը՝ 17 Մարտը, երբ Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, Հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական ղեկավարը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան եւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանը զոհուեցան, Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկման ընթացքին։

89 տարի առաջ, Մարտ 15ի այս օրը, արհաւիրքի եւ հատուցման ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդարագոյն ահաբեկչութիւն մը գործուեցաւ Պերլինի մէջ։
15 Մարտ 1921ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան երբեմնի վարչապետը։


Երազիս մէջ դուռը զարկին
- Ո՞վ է ասի ներսից ես,
Դրսից ինչ որ պառաւ մի կին
Ասաց «Մատաղ լինեմ քեզ»...


Այսօր՝ Մարտ 13ին կը լրանայ ծննդեան 115րդ տարեդարձը մեր ժողովուրդի «Անուշ Հայաստանի արեւահամ բառը» աշխարհով մէկ յաւերժացուցած անզուգական Եղիշէ Չարենցի։
Միայն իր արարած այդ մէկ հատիկ բառին՝ Հայաստանի «արեւահամ» խորհուրդն ու յուզաշխարհը բանաձեւող ու անմահացնող իր պայծառատեսութեան համար իսկ, Չարենց անտարակոյս արժանի է հայոց սերունդներու երախտագիտութեան, այլեւ՝ հպարտութեա՛ն։