Ապրիլ 24ին կը բացուի հայոց յուշատետրին ամէնէն սեւ ու արիւնալի էջը։
Երկրագունդի ամէնէն կորսուած անկիւնն ինկած հայ բեկորն անգամ, Ապրիլ 24ին, անպայման տեղը եւ ձեւը կը գտնէ միաժամանակ թէ՛ յարգելու յիշատակը բիւրաւոր մեր նահատակներուն, թէ՛ անմիջական շրջապատին ու ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, որ տակաւին անպատիժ կը մնայ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը։

Մեծ Եղեռնի 97ամեակին նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը իր լուսարձակները կը կեդրոնացնէ ԱՊՐԻԼ 24ին տրուած պահանջատէր հայութեան պատասխանին վրայ, որ Դաշնակցութեան ԿԱՄՔով կնքուեցաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ» անունով եւ բարձրադիր տեղ գրաւեց հայոց նորագոյն պատմութեան լուսաշող նուաճումներու շարքին։

Ապրիլ 20ի ծնունդ է հայ գրականութեան հանճարեղ  մեծերէն Դանիէլ Վարուժան։
1884ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը։
Թրքական պետութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը Հայկեան Հանճարի ամէնէն շքեղ ու վսեմաշուք քերթողին։

Ապրիլ 24ի նախօրէին, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր նորագոյն պատմութեան էջերը թերթատելով, ընթերցողին ուշադրութիւնը վստահաբար պիտի գրաւէ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի հռչակաւոր մարգարէական կանխատեսումը.

Ապրիլի 17ի այս օրը, իննիսուն տարի առաջ, Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ արդարագոյն մահապատիժի ենթարկուեցան, միաժամանակ, Պեհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմի անունով թուրք պետական ղեկավար երկու պատասխանատուներ, որոնք 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր յղացողներէն, կազմակերպիչներէն եւ գործադրողներէն էին։