Յուշատետրի Ապրիլ 14ի էջը իր ծննդեան տարեդարձով իմաստաւորող շնորհազարդ բանաստեղծն է Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որ իր քնարերգութեամբ «ոսկեայ կամուրջ մը հանդիսացաւ» - Աւետիք Իսահակեանի բնութագրումով - արեւելահայ բանաստեղծներու երկու՝ Զարթօնքի եւ Գեղապաշտ սերունդներուն միջեւ։

Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու փաղանգին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 39րդ տարելիցը կ'ոգեկոչենք Ապրիլ 12ի այս օրը։
Արշաւիր Շիրակեանի անունը անքակտելիօրէն կապուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումով կեանքի կոչուած «Նեմեսիս» ծրագրին հետ, որ մեր ժամանակներու հայոց ազգային յիշողութեան գլխաւոր անկիւնաքարերէն մէկը հանդիսացաւ։

Տակաւ կը բացայայտուին մութ ծալքերը այն անլուր ողբերգութեան, որ 10-11 Ապրիլ 1938ի գիշերը պատահեցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ, օրուան Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրատբէկեան Կաթողիկոսի ննջասենեակէն ներս։
Այդուհանդերձ՝ ատենին իսկ բացայայտուած պատմական փաստ եւ դաժանագոյն իրողութիւն է, որ այդ գիշեր Հայոց Վեհափառը խեղդամահ գտնուեցաւ իր անկողնին մէջ։

Ապրիլ 10ի այս օրը, քսան տարի առաջ, բարբարոսական ահաւորութեամբ հայասպանական ոճիր մը գործուեցաւ ատրպէյճանեան զօրքին կողմէ։
Արցախի Մարտակերտ շրջանի հայաբնակ Մարաղա գիւղը օր ցերեկով ենթարկուեցաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած սպանդի։

Հայոց յուշատետրի այսօրուան՝ 9 Ապրիլի էջին անմոռանալի իր տեղը ունի Արեգասարի յաղթական գրոհը, որ Արցախեան թէժ պատերազմին զինադուլ բերող հայոց յաղթական եզրափակիչ գրոհը եղաւ։
Թէեւ 8էն 9 Մայիս 1992ին Շուշիի ազատագրումով սկսաւ Արցախեան Ազատամարտի յաղթարշաւը, բայց այնուհետեւ մօտաւորապէս երկու տարի պէտք եղաւ, որպէսզի հայոց ազատամարտիկները եւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան բանակը կարենան, թիզ առ թիզ, հայրենի հողը ազատագրել ատրպէյճանական բռնագրաւումէն։