Մայիս 10ի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 174րդ տարեդարձը բրիտանացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչ՝ իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայսի, որ նախակարապետներէն մէկը եղաւ Հայկական Հարցի իրաւական հիմնաւորումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին։

8էն 9 Մայիսը, քսան տարի առաջ, պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց ազգային հերոսապատումին մէջ։
1992ի այս օրերուն, Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն ռազմական բացառիկ սխրանքով։

Մայիս 8ի այս օրը, 161 տարի առաջ, Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասին մէջ լոյս աշխարհ եկած Եղիա Տէմիրճիպաշեան անունով մանուկը կոչուած էր, ի վերուստ, մարմնաւորելու եւ շնչաւորելու արտակարգ բոցավառում մը՝ հայոց հոգեմտաւոր բազմադարեան ժառանգութեան լուսաշող երկնակամարին վրայ։

Մատենագիտական տուեալներու համաձայն, Մայիս 7ի այս օրը, 1061 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Հայկեան Հանճարի սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացին։
«Նարեկ» անունով մեր ժողովուրդին կողմէ սրբացուած «Մատեան Ողբերգութեան» իր բանաստեղծական գործով՝ Նարեկացի ոչ միայն հայ գրականութեան «վեհաշուք Արարատը» դարձաւ, այլեւ՝ Աստուածաշունչի կամ Սուրբ Գիրքի չափ, հոգեմտաւոր լոյսի ու սնունդի վարար աղբիւր եւ լուսաւոր փարոս մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար՝ ահա աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։


Մայիս 5ի այս օրը, 18 տարի առաջ, ռազմաքաղաքական բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ Արցախեան Ազատամարտի արիւնալի, այլեւ հերոսական տարեգրութեան մէջ։