Լուսաբացին,
Լացի՜ն, լացի՜ն
Վարդերը՝ սեւ թերթեր բացին...

Լուսաբացին,
Ջինջ, լուսածին
Հաւքեր թռան լուռ, գնացին...


Մարտ 24ը ծննդեան տարեդարձն է առաքելատիպ մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի։
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապան եւ քարոզիչ, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, գաղափարապաշտ յեղափոխականի անբասիր դրօշակիր եւ, ըստ ամենայնի, հայոց հոգեմտաւոր կեանքի անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան, որ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (հետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան) սերընդակերտ ժառանգութեան։


Մարտ 22էն 26 երկարած օրերը, 92 տարի առաջ, արիւնալի եւ սեւ էջ մը աւելցուցին հայ ժողովուրդի արծուեբոյն Արցախի հայութեան բազմաչարչար, այլեւ հերոսական պատմութեան մէջ։
22 Մարտ 1920ին, Ղարաբաղի հայութեան ինքնապաշտպանական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը որոշեց Ո՛չ պատասխանել Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան կողմէ արձակուած անձնատուութեան վերջնագրին։

Մարտ 21ի այս օրը կþոգեկոչենք մահուան 70ամեակը հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Վահան Միրաքեանի։
Յատկապէս իր «Լալուարի Որսը» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ հանրածանօթ՝ հայ ժողովուրդի ազգային ճակատագրին դիւցազներգակ այս բանաստեղծը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց 19րդ դարավերջին։


Այսօր՝ Մարտ 20ին, կը լրանայ մահուան 228րդ տարելիցը հայ ժողովուրդի պայծառ դէմքերէն եւ հայ գրականութեան անմահ արժէքներէն Պետրոս Ղափանցիի։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երախտաշատ նուիրեալներէն եղաւ հայոց Սիւնեաց Աշխարհի ծնունդ մեծատաղանդ այս հոգեւորականը, որուն վիճակուեցաւ «սահմանապահ»ի բացառիկ դերակատարութիւն՝ թէ՛ հայ դասական գրականութենէն դէպի արդի շրջան անցման մէջ, թէ՛ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման նախերգանքին ռահվիրան դառնալու իմաստով։