(Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց օրինագիծի տապալման առիթով)

Երկու օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ, երկրորդ անգամ ըլլալով, առաջարկ բերուեցաւ՝ ընդունելու օրինագիծ մը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ այլ ազգերու դէմ թրքական պետութեան գործած ցեղասպանական ոճիրները դատապարտելու մասին: Առաջարկը ներկայացուած էր «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ:

Մօտ մէկուկէս տարի առաջ, նոյնանման առաջարկ մը ներկայացուած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատգամաւորական խըմբակցութեան կողմէ: Երկու պարագաներուն ալ առաջարկուած նախագիծերը օրակարգի նիւթ կարելի չեղաւ դարձնել, ձայներու անբաւարարութեան պատճառով: Առաջարկներուն զօրակցեցան միայն երկու կուսակցութիւններու պատգամաւորները, իսկ մնացեալ քաղաքական գործիչները չմասնակցեցան քուէարկութեան:
Իւրաքանչիւր հայ հետեւեալ պարզ տրամաբանութեամբ միայն կրնայ մօտենալ այս հարցին.- Հայասպան դահիճի ձեռքով ցեղասպանութեան ենթարկուած միւս ազգերը եւս արդարութեան տիրանալու իրաւունքը ունին եւ այդ իրաւունքը որեւէ ձեւով առարկելի չի կրնար ըլլալ: Իսկ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի մերժումը անարգանքի ու վիրաւորանքի զգացումներ արդարօրէն կÿառթէ   յոյն, պոնտոսցի, ասորի ազգերուն մօտ:
Երկու տարի առաջ, Շուէտի  խորհրդարանին կողմէ Հայոց, Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութիւններու ճանաչումով ամբողջ աշխարհը անդրադարձաւ, թէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ ճնշումի լաւագոյն միջոցը իրերայաջորդ ճանաչումներն են: Իսկ դէպի Եւրոպական Միութիւն Թուրքիոյ մուտքի արտօնագիրը պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ՝ թրքական պետութեան կողմէ սեփական պատմութեան ընդունումով:
Միւս կողմէ՝ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերը պարտին միացեալ քայլերով յառաջանալ միջազգային ճանաչում ապահովելու երկար ու դժուար ճամբուն վրայ, համագործակցելով եւ հաստատելով օրինական այնպիսի համակարգ, ուր կարելի պիտի ըլլայ օրինագիծերու միջոցաւ փակել խուսափումի ելքերը՝ ցեղասպանութիւն իրագործող կամ ցեղասպանութիւններու պատմական փաստը ուրացող պետութիւններուն առջեւ:
Յունաստանի մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է բազմիցս գործակցութիւններ հաստատել ու շարունակել պոնտոսցիներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք հիացումի ու գնահատանքի խօսքերով կÿարտայայտուին հայութեան եւ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին մասին: Միասնական այդ նախաձեռնութեանց եւ ելոյթներու ընթացքին միշտ շեշտուած է՝ մարդկութեան դէմ գործուած այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման  որպէս միակ միջոց՝ հրամայականը միասնական ու ամուր ռազմավարութեան մը որդեգրումին, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմակերպուած ու մէկ ճակատով դէմ կանգնիլ իր գործադրած ցեղասպանական ոճիրները  հետեւողականօրէն ուրացող Թուրքիոյ պետական ուժին դէմ:
Արդար մարդոց համար ա՛յս է ընդունելի միակ ելքը: