Հայ գրականութեան ակունքներուն, կենարար իր բխումով, անփոխարինելի տեղ կը գրաւէ եւ բարձրարժէք արուեստի անսպառ աղբիւր է հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը, որ ծնունդ տուած է անմահ տաղասացներու, աշուղ-երգիչներու եւ հանճարեղ բանաստեղծներու ազգային համաստեղութեան։
Իսկ հայ ժողովրդական արուեստի հանճարեղ դէմքն ու «լուսապսակ ճակատ»ը (Մեծն Չարենցի իսկ բնորոշումով) կը հանդիսանայ Նահապետ Քուչակը, որուն մահուան 120ամեակն է այս տարի։
Թէեւ շատ քիչ բան ծանօթ է հայ հանճարեղ տաղասացին, աշուղ-երգիչին ու մեծարժէք բանաստեղծին կենսագրութեան, մինչեւ անգամ անձին մասին, բայց մատենագիտական աղբիւրներու մէջ Մարտի այս օրը՝ 1592ի Մարտ 29ը կը յիշատակուի իբրեւ մահուան թուականը Նահապետ Քուչակի, որ Միջնադարու հայոց հանճարին՝ Նարեկացիի հետ փառաւորապէս ու յաւերժ դրոշմուած է հայկական բանաստեղծութեան անզուգական միեւնոյն մետալին երկրորդ երեսին։
Միայն Չարենցը չէ, որ իր բանաստեղծութեան՝ «Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ» տողով միեւնոյն փառքին արժանացուցած է Հայկական Միջնադարու այս հսկաները։ Հայ գրականագիտութեան երախտաւորներէն Արշակ Չօպանեան եւ յատկապէս քսաներորդ դարու հայ մեծագոյն գրականագէտը հռչակուած Մանուկ Աբեղեան, իրենց կարգին, Նարեկացիի կողքին անպայման կը տեսնեն Քուչակը՝ իբրեւ հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը արուեստի անհասանելի բարձունքին հասցուցած հանճարեղ քերթողներու։
Իրաւամբ այնքա՜ն նման եւ այնքա՜ն տարբեր ու ներհակ են Նարեկացի եւ Քուչակ։ Հայ հոգիի աղօթքին անփոխարինելի բանաստեղծը մեր ժողովուրդին «երկնաւոր սիրոյ» երգիչն էր։ Իսկ հայուն «երկրաւոր սէրը» անմահացնելու արուեստին մէջ անզուգական է մեծութիւնը Քուչակի։ Բայց երկուքն ալ հայ ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ խարսխուած բանաստեղծական գեղեցկագոյն տաճարներ են, որոնք հայ հոգիին ազատ սաւառնումին թեւ եւ շունչ հաղորդեցին։
Աւելի՛ն. մինչ Նարեկացի կը յատկանշուի զգացումներու, խոհերու եւ պատկերներու վարար ու յորդառատ թափով, յար ու նման կամուրջներ քշող¬տանող Արաքսին, Քուչակ զուլալ աղբիւրի պէս սրտերուն ծարաւը յագեցնող անմահական ջուրի աղբիւրն է, որ երկրաւոր սիրոյ միայն մէկ գողտրիկ պահը բռնելու եւ նկարչօրէն յաւերժացնելու արուեստը կը մարմնաւորէ։
«Ես աչք ու դու լոյս, հոգի,
առանց լոյս՝ աչքն խաւարի.
Ես ձուկ ու դու ջուր, հոգի,
առանց ջուր՝ ձուկն մեռանի.
Երբ ձուկն ի ջրէն հանեն եւ
այլ ջուր ձգեն, նա ապրի.
Երբ զիս ի քենէ զատեն,
քան զմեռելն այլ ճար չի լինի»։
Նման կարճ քերթուածներով կը յատկանշուի Քուչակի ժառանգութիւնը։ 8 կարճ տողերով կամ 4 երկար տողերու քառեակներով ներկայացող բանաստեղծութիւններ, որոնք հայ գրականութեան ծանօթ են «Հայրէններ» անունով։ Հայ գրականագէտները ունին ընդհանուր այն համոզումը, որ հայ ժողովրդական բանաստեղծութեան եւ աշուղական երգերու ոչ միայն արարիչը եղաւ Քուչակ, այլեւ՝ հաւաքողն ու մշակողը։ Այդ պատճառով ալ, շատ մը «Հայրէններ», որոնք ոճականօրէն անհամատեղելի են՝ միեւնոյն հեղինակին պատկանելու առումով, վերագրուած են Նահապետ Քուչակի։ Հետեւաբար, Աբեղեան որոշակի այդ իմաստով իրաւացի է, երբ կը պնդէ, թէ Նահապետ Քուչակ անունը խորքին մէջ կը յղուի մէկէ աւելի հեղինակներու եւ չի սահմանափակուիր իրապէս ապրած ու ստեղծագործած «նահապետ» ու «թոռ» Քուչակներով։
Ամէն պարագայի, հայ մատենագէտները ընդհանրապէս համամիտ են, որ Նահապետ Քուչակ ծնած էր 16րդ դարու սկիզբը (ծննդեան թուականը անյայտ), Վան նահանգի Խառակոնիս գիւղը։ Թէեւ իբրեւ աշուղ ու տաղասաց սիրուած բանաստեղծ՝ Քուչակ տեւաբար շրջած է Հայաստան Աշխարհով մէկ, բայց իր կեանքի վերջալոյսին վերադարձած ու վախճանած է իր ծննդավայր գիւղին՝ Խառակոնիսի մէջ, որուն Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուած է իր գերեզմանը։
Կենսագրական այլ տուեալներ դժբախտաբար ենթադրութեանց մարզին կը պատկանին եւ գրականագէտներու բանավէճին առարկայ են։ Բայց բանավիճողներն անգամ համակարծիք են, որ մեր ժողովուրդին կողմէ օրին մեծապէս սիրուած եւ փնտռուած աշուղ մը եղած է առաջին Քուչակը՝ Նահապետը։
Միայն երկրաւոր սիրոյ երգիչը չեղաւ, սակայն, Նահապետ Քուչակ։ «Հայրէններ»ու կողքին՝ իր մշակումին արժանացան եւ բարձրարուեստ բանաստեղծութիւններու արարումով անմահացան հայ ժողովուրդի «Պանդուխտի երգեր»ը։ Մինչեւ մեր օրերը իր այժմէական հնչեղութիւնը կը պահպանէ եւ հայոց շրթներուն անբաժան երգի վերածուած է Նահապետ Քուչակի վերագրուած «Ղարիպը՝ Կռունկին» բանաստեղծութիւնը։
Ահա՛ հայ պանդուխտի սրտէն՝ կարօտի խորագոյն ակունքէն բխած յաւերժական երգը.
Կռո՜ւնկ
Կռո՜ւնկ, ուստի՞ կու գաս,
ծառայ եմ ձայնիդ,
Կռո՜ւնկ, մեր աշխարհէն
խապրիկ մը չունի՞ս։
Մի՛ վազեր, երամիդ շուտով կը հասնիս,
Կռո՜ւնկ, մեր աշխարհէն
խապրիկ մը չունի՞ս։
«Աշունն է մօտեցեր, գնալու ես թետպիր,
Երամ ես ժողվեր, հազարներ ու բիւր,
Ինձ պատասխան չի տուիր,
ելար գնացիր,
Կռո՜ւնկ մեր աշխարհէն
գնա՛ հեռացիր։
Յուշատետրը տեղը չէ ըստ արժանւոյն գնահատումը եւ վերլուծումը կատարելու Քուչակի գրական-ստեղծագործական արժանքիներուն եւ մեծարժէք գիւտերուն։ Պարզապէս իր մահուան տարելիցին առիթով, Քուչակի հոգեմտաւոր անվախճան ժառանգութեան յուշարարի դերը ստանձնելով, կþարժէ՝ Քուչակի երգերէն վերցուած հետագայ քառեակներով (Վահան Գէորգեանի կողմէ արդի հայերէնի վերածուած) ծաղկեփունջ մը կազմել եւ դնել անոր լուսապսակ ճակատին . (քովի սիւնակ)
Ն.
Այս աստղերի ներքոյ
Երկու բան արցունք են քամում,
Մէկ , որ սիրոյ տէր դառնաս,
Մէկ էլ, որ մահուան հրեշտակը
Սիրածիդ առնի ու գնայ,
Մահից յետոյ՝ նա էլ չի լացի,
Դէ՜ հիմա դժբախտիս տեսէք
Ո՜չ մեռած է, ո՜չ էլ՝ կենդանի:
Եարս տանիքին քնեց
Ծոցն աստղերին լոյս կը տար,
Կա՛մ ծոցդ առ ինձ, որ քնեմ,
Կա՛մ թոյլ տուր դառնամ տուն,
¬ Ո՛չ ծոցս կþառնեմ, որ քնես,
Ոչ էլ կը թողնեմ ,որ գնաս տուն,
Այդպէս կը մնաս կիսարթուն
Մինչ որ բացուի լոյսն առաւօտուն:
Այս աստղերի վրայ
Դո՜ւ՝ մատանի, ես էլ՝ ակը վրան,
Ուր որ պաղ աղբյիւր թէ կայ
Դու՝ կանանչ, ես էլ՝ ցողը վրան,
Խնձոր ես ծառի ճիւղին,
Ես էլ՝ կանաչ շիւղը նրա,
Վախենամ թէ աշունը գայ,
Քեզ քաղեն՝ շիւղս չորանայ:
Խնձորը ծառի ճիւղին,
Ճիւղն էլ տերեւից ներքեւ,
Կպչում էր եարիս կրծքերին
Կրծկալն էր շղարշով ծածկում,
Կրծքերին ծոցի միջին:
Արեգակը ջուրը իջավ,
Լուսնակ էր, կուժն ուսին
Լոկ ելնէր շամամը ծոցից
Քայլում էր օրօրւում միջին:
Քո սէրը սրտիս ներսում
Տուն է շինել մէջն է ապրում
Աչքերն էլ երդիկ է արել
Մութն իջնի նա վեր կը կենայ,
Աչքերն էլ երդիկ է արել
Ծուխը երդիկից դուրս կը գնայ,
Եկէք տնակը տեսէք,
Ծուխը ելել երդիկն է ծածկել:
Քո՜ ծոցդ՝ ճերմակ տաճար,
Քո՜ կրծքերդ կանթեղ են վառ,
Ես գնամ ժամկոչ դառնամ,
Գամ լինեմ՝ տաճարիդ լուսարար,
¬ Գնա՛, ա՜յ տղայ տըխմար,
Քեզանից ի՜նչ լուսարար,
Գնաս դու խաղով կը մնաս,
Տաճարս կը թողնես խաւար:
Ստում են տղերք իմացէք,
Թէ չկայ ընտանի Կաքաւ,
Մէկին ես երէկ տեսայ,
Երանի տիրոջը, որ նրան ունի,
Ունքերը նրբին կամար,
Շուրթերը թերթեր վարդի,
Մեռածին էլ թէ գիրկը առնէր
Ծոցում նա յարություն կþառնէր
Լուսին երկնային, զուր ես պարծենում,
«Թէ լոյս ես տալիս աստղերին».
Ահա երկրածին մի լուսին
Գրկիս մէջ երեսն երեսիս,
Թէ կասկածում ես նուաստիս,
Ետ կը տամ փէշը թիկնոցիս՝
Վախենամ սիրոյ տէր դառնաս
Լոյս չըտաս աստըղերին:
Ես կþասեմ նրան.¬ «ի՜նչ անուշ ես»,
Պատասխան կը տայ.¬ «Թէ տէրն է տըւել»:
Կը հարցնեմ յետոյ.¬ Համբո՞յր կը տաս.
Ինքը կþասի.¬ «Համբոյրը գի՜ն ունի».
Գինը հարցրեցի Համբոյրի՝ ասաց.¬ «Հոգի՜դ...».
¬ Հոգի՜ս էլ, հոգո՜ւդ կþուզի։
¬ Չեմ ասի չէ՜ իմ անգին, կը հանեմ կը տամ քեզ
Վախենամ թէ աչքերս ուզես,
Ու թէ տամ՝ ինչո՞վ նայեմ ես քեզ,
Աչքեր՝ վեց ու եօթ դեռ աւելի՝
Աչքեր քառասուն ու վեց գուցէ,
Մէկով՝ աշխարհին նայեմ,
Մնացած բոլորը քեզ գգուեմ: