- Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեան, որ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եւ ընկերակցութեամբ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի Ս. Էջմիածին մեկնած էր ներկայ գտուելու եւ ներկայացնելու համար Կիլիկիոյ Աթոռը Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 10րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունենալիք հանդիսութիւններուն, 30 Նոյեմբերին

«A-1» արբանեակին արձակումով Ֆրանսա դարձաւ անջրպետային երրորդ տէրութիւնը: Խորհրդային Միութենէն ութ տարի ետք ու Միացեալ Նահանգներէն՝ եօթը, Ֆրանսա երկրային ծիրի վրայ զետեղեց իր առաջին արբանեակը, Սահարայի Համակիր խարիսխէն: Անկախ այս արձակումին գիտական եւ թեքնիք յաջողութենէն, որուն համար շնորհաւորելի են ֆրանսացի

- Աշխարհահռչակ հայազգի բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան, որ անցեալին բազմաթիւ փայլուն յաղթանակներ տարած էր շարժանկարի մարզին մէջ, որոշած է կրկին զբաղիլ բեմադրութեամբ։ Համբաւաւոր բեմադրիչը ամերիկեան մամլոյ թղթակիցի մը յայտարարած է, թէ իր գրական աշխատանքները աւարտելէ ետք պիտի վերսկսի բեմադրութեան։ Ռուբէն Մամուլեան վեց տարիէ ի

Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի գովելի նախաձեռնութեամբ՝ Նոյեմբեր 14ին, տեղւոյս Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ այն բոլոր ընկերներուն, որոնք զոհուեցան հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան ի խնդիր, կամ իրենց աչքերը փակեցին հայրենիքի ազատութեան

- Ֆրանսայի նոր Պրիժիթ Պարտոն, հայազգի Սիլվի Վարդան, կը ձգտի փառքի տիրանալ հին Պարտոյէն տարբեր ճամբու հետեւելով։ Ան Ֆրանսայի մէջ ինքզինք պարտադրած էր իր երգով, հիմա ալ ցատկած է թատրոնէն ներս, աւելի ետքի թողելով 7րդ արուեստը՝ սինեման։ Նոր կուռքերու խորհրդանշան Սիլվի Վարդան, շուտով ըմբռնեց թէ՝ պէտք է տքնաջան աշխատանքի լծուի,