50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Թրքական Ծերակոյտին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ կուսակցութեան պետ պրն. Սըտգը Ուլայ պահանջեց, որ նախահաշուին մէջ արձանագրուին որոշ վարկեր, որոնք հաւանաբար պէտք պիտի ըլլան մասնակի զօրակոչի մը ատեն, որովհետեւ ըսաւ, դէպքերը՝ Յունաստանի հետ ընդհանուր պատերազմի մը կþառաջնորդեն մեզ։ Պրն. Ուլայ ըսաւ.¬ «Յունաստան կը գրգռէ։ Եգէականի կղզիներուն մէջ զինուորական խարիսխներ հիմնեց։ Այնտեղ հիմնեց օդանաւակայաններ՝ որոնցմէ պիտի կրնայ ցամաքահանումներ կատարել։ Ու ցաւալի է, որ կարգ մը դաշնակիցներ անտարբեր կը գտնուին ասոր համար։ Եթէ պատերազմի մը կամ տեղական բախումի մը ընթացքին չկարենանք ատենին շարժիլ, պատասխանատուութիւնը աւելի շատ մերը պիտի ըլլայ քան թէ զինուորականներունը»։ «Միլլիէթ» թերթը կը գրէ՝ թրքական ընդհանուր Սպայակոյտը 400 միլիոն թրքական ոսկիի յաւելեալ վարկ կը պահանջէ «ազգային ոյժ»ի ծախսերուն համար։ Այս ազգային ուժը կը բաղկանայ զինուորական միաւորներէ՝ որոնք ենթակայ չեն ՆԱԹՕին։ «Միլլիէթ» կþաւելցնէ, թէ կը զօրացուին այս ուժերը, որոնք պիտի կրնային Կիպրոսի մէջ գործել, առանց ՆԱԹՕին լուր տալու։ Թերթին համաձայն, Ընդհանուր Սպայակոյտի պետ զօրավար Սունայ կը խորհի, թէ այն պարագային, երբ պէտք ըլլայ, այս ուժերը կրնան անմիջապէս միջամտել Կիպրոսի մէջ։ Վարչապետ պրն. Տեմիրէլ հերքեց թերթերուն մէջ հրատարակուած այն լուրը՝ թէ ՆԱԹՕէն անկախ ազգային ուժ մը պիտի կազմուի, անհրաժեշտութեան պարագային Կիպրոսի մէջ գործածուելու համար։ Ըսաւ, թէ ազգային ուժ մը կազմելու հարց չկայ։ Թրքական զինեալ ուժերը պետութեան եւ ազգին հրամանին տակ են։ Որեւէ ատեն կրնան գործածուիլ եւ ոչ ոք կրնայ անոնց գործունէութիւնը արգիլել։ Այսուհանդերձ, կարգ մը պատասխանատուութիւններ կþիյնան Թուրքիոյ ուսերուն, ՆԱԹՕի անդամի իր հանգամանքով, հաւաքական պաշտպանութեան դրութեան ծիրին մէջ յարձակման մը պարագային։ Պրն. Տեմիրէլ այս յայտարարութիւնը ընելէ առաջ, տեսակցեցաւ նախագահ Կիւրսէլի հետ։ Ըսաւ, թէ խօսակցութեան ընթացքին քննած են ներքին եւ արտաքին խնդիրներ ու Կիպրոսի հարցը։