- Աթէնքի մէջ Նէա Զմիռնի արուարձանին մէջ, վերջերս Իզմիրի Առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Սրբազանի անդրիին զետեղումը՝ բուռն հակազդեցութեանց տեղի տուաւ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք Վարչապետ պրն. Տեմիրել, տխմարութիւն եւ հելլէնեւթուրք բարեկամութեան անվայել արտայայտութիւն որակեց անդրիի բացման առթիւ արտասանուած ճառերը։ Իսկ Ազգային
Հողագործական կուսակցութեան պետ նախկին գնդապետ Թիւրքէշ ըսաւ թէ ատենը եկած է Թուրքիոյ երիտասարդութեան ըսելու՝ թէ իր առարկայական նպատակը պէտք է ըլլայ Թեսաղոնիկէն, Թրակիան եւ Տոտեքանէզը։ Պրն. Թիւրքէշ նմանապէս ըսաւ.¬ «Կիպրոսը՝ իրականութեան մէջ, այսօր, յունական գրաւման տակ կը գտնուի։ Ամէն օր հող կը կորսնցնենք հոն։ Իմ կարծիքով, ճիշդ պիտի ըլլար Թուրքիայէն արտաքսել հելլէն քաղաքացիները։ Պէտք է Ֆենէրի Պատրիարքարանին դէմ ալ միջոցներ ձեռք առնուին։ Պէտք է վերաքննուի անոր դիրքը։ Անշուշտ, Պատրիարքարանի մասին կառավարական ծրագիր գոյութիւն ունի։ Մեր կուսակցութիւնները պէտք է տեղեակ ըլլան անոր»։ Ապա շեշտեց՝ թէ հելլէնեւթուրք բարեկամութիւնը դաշունահարեցին անոնք, որ շինել տուին արձանը Խրիսոսթոմոսի, որ դաւաճանեց թուրք հայրենիքին։ «Թուրքիա, ըսաւ, պէտք է վերաքննէ Յունաստանի հանդէպ իր քաղաքականութիւնը»։ Թուրք Ուսանողներու Ազգային Միութեան նախագահն ալ պահանջեց, որ հելլենական իմփերիալիզմի բոյնը՝ Այիա Սոֆիան մզկիթի վերածուի։
- Մ.Ա.Կ.ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ պրն. Արթըր Կոլտպերկ պահանջեց, որ Միացեալ Ազգերու հաշտարար մեքենան զօրացուի եւ ընդհանուր քարտուղար պրն. Ու Թան կեդրոնական գործադիրի դեր վերցնէ։ Պրն. Կոլտպերկ քաղաքական Յանձնախումբին ներկայացուց եօթը կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը, Մ.Ա.Կ.ի հաշտարար դերը աւելի զօրացնելու համար։ Ամերիկեան ծրագիրէն զատ՝ ծրագիրներ ներկայացուցած են Խորհրդային Միութիւնը, Ֆրանսա, Իրլանտա եւ ուրիշ երկիրներ։ Ամերիկեանը շատ մը կէտերու մէջ կը տարբերի միւսներէն։