- Աշխարհահռչակ հայազգի բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան, որ անցեալին բազմաթիւ փայլուն յաղթանակներ տարած էր շարժանկարի մարզին մէջ, որոշած է կրկին զբաղիլ բեմադրութեամբ։ Համբաւաւոր բեմադրիչը ամերիկեան մամլոյ թղթակիցի մը յայտարարած է, թէ իր գրական աշխատանքները աւարտելէ ետք պիտի վերսկսի բեմադրութեան։ Ռուբէն Մամուլեան վեց տարիէ ի վեր վերլուծած է Շէյքսփիրի գործերու ուսումնասիրութիւնը ու մօտ ատենէն կþաւարտէ խիստ շահեկան ուսումնասիրութիւն մը՝ Շէյքսփիրի գործերու մասին։ Մամուլեան  կþարդիականացնէ նաեւ «Համլէթ»ը՝ զայն հանրութեան մատչելի դարձնելու համար։

- Պարսկահայ շարժանկարի տաղանդաւոր դերասան Արամայիս Յովսէփեան, հայ անուանի թատերագիր Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ» թատերախաղէն առնելով նիւթը՝ պատրաստած է «Ծովի Հարսը» հայերէն ժապաւէնը, որուն մէջ գլխաւոր դերը ստանձնած է ինք, իսկ պարսկահայ յայտնի երգիչ Վիգէն Տէրտէրեան քանի մը երգեր երգած է։ Ժապաւէնը մեծ յաջողութիւն գտած ու գնահատուած է Պարսկաստանի բոլոր խաւերուն կողմէ։ Պարսկահայ շարժանկարի անուանի բեմադրիչ եւ հեղինակ է նաեւ՝ Սամուէլ Խաչիկեան, որուն պատրաստած առաջին ժապաւէնները գնահատուած են նոյնիսկ Գերմանիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ։ Արամայիս Յովսէփեան գլխաւոր շատ մը դերեր խաղացած է Սամուէլ Խաչիկեանի բեմադրութիւններուն մէջ։

- Վերջերս, փարիզեան թերթերը գրած են հայ մեծատաղանդ նկարիչ Գառզուի կողմէ գծուած Պրիժիթ Պարտոյի նկարներուն մասին։ Այս առիթով, Գառզու հետեւեալ բացատրութիւնները տուած է լրագրողներուն։ «Իրապէս, Պրիժիթ Պարտօ գրաւեց սիրտս։ Զինք ճանչնալէ առաջ իսկ, թերթերու մէջ իր լուսանկարները տեսնելով դիցաբանական արարածի մը կը նմանցնէի զինք։ Առաւօտ մը, բարեկամս՝ հայազգի գրագէտ Վահէ Քաչա հեռաձայնեց ինծի, հրաւիրելով զիս Մատրակ՝ Պրիժիթ Պարտոյի տունը, հաղորդելով միաժամանակ՝ թէ սպիտակ պաստառի գեղանի աստղը կը փափաքէր ճանչնալ զիս ու խնդրեց ինձմէ զինքը նկարել»։