Յաղթահարելով արժանապատուութեան հետ կապուած որոշ դիւրազգածութիւններ, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը, Կիրակիի ընտրութիւններուն ձայներու 43 առ հարիւրը ստանալէ ետք, որոշեց մասնակցիլ Դեկտեմբեր 19ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ մրցակից ունենալով ձախակողմեան հոսանքներու միակ թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանը:

Դեկտեմբեր 4ին, օդային գծով Թեսաղոնիկէ ժամանեց Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ՝ Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեան, որ օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ՝ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Անուշաւան Քհնյ. Յարութիւնեանի, Ազգ. Իշխանութեան, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական, Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, «Ադամեան» թատերասիրացի վարչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ շատ մը ազգայիններու կողմէ։ Սրբազան հայրը ինքնաշարժներու թափորով ուղղուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր կարճ աղօթքէ մը ետք, զրոյց ունեցաւ

- Հայաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը, անցեալ ուսումնական տարեշրջանին, դպրոցներուն մէջ բացած է 3394 պիւֆէ եւ 62 ճաշարան՝ 5625 տեղով, իսկ այս Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին՝ 297 պիւֆէ՝ 2808 տեղով եւ 26 ճաշարան՝ 580 տեղով։ Երեւանի դպրոցներուն մէջ անցեալ ուսումնական տարեշրջանին 57.970 երեխաներ ձրի ճաշ ստացած են։ Այսուհանդերձ,

Գերագոյն Խորհուրդը, իր երէկուան նիստի ընթացքին, վաւերացուց շարք մը միջոցներ, որոնցմով խոր փոփոխութեան կþենթարկուի կառոյցը եւ կազմը սովիէթ կառավարութեան ու կը զօրանայ եւ կ'ամրապնդուի դիրքը պրն. Խրուշչէվի երկու յաջորդներուն՝ Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան պետ Լէոնիտ Պրեժնիէվի եւ վարչապետ պրն. Ալեքսէյ

- Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը հրապարակեց «Ազատ Օր»ին մէջ.¬ «Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը այսօր ուրախութեամբ կը ծանուցանէ հայութեան, թէ Հ. Կ. Խաչի բազմամեայ պատուական անդամներէն տէր եւ տիկին Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեանները՝ Հ. Կ. Խաչին կտակած են Այիա