- Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեան, որ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եւ ընկերակցութեամբ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի Ս. Էջմիածին մեկնած էր ներկայ գտուելու եւ ներկայացնելու համար Կիլիկիոյ Աթոռը Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 10րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունենալիք հանդիսութիւններուն, 30 Նոյեմբերին օդային ճամբով վերադարձաւ Խալտէի օդակայանը: Սրբազան հօր դիմաւորելու եկած էին՝ Կաթողիկոսարանի կողմէ Ներսէս Ծ. Վարդապետ, Սուրէն եւ Մեսրոպ Վարդապետներ, լիբանանահայոց քահանայից  դասը, Ազգային Իշխանութեանց եւ Թաղականութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ եւ բազմաթիւ ազգայիններ։ Բարի գալուստի մաղթանքէն ետք Սրբազան Հայրը ինքնաշարժներու թափօրով առաջնորդուեցաւ կաթողիկոսարան: Օրինական աղօթքը կատարելէ ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Սրբազան Հայրը Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնները փոխանցեց Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, Կիլիկիոյ միաբանութեան եւ լիբանանահայութեան: Այնուհետեւ թափօրով առաջնորդուեցաւ վեհարան:

- Քառասուն տարիէ ի վեր այսքան ցուրտ չէր ըրած Եւրոպայի մէջ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին: Ձիւնը, սառոյցը եւ մշուշը ամէն տեղ են: Լոնտոնի մէջ, ուր ջերմաչափը իջաւ 7 աստիճանի, ձիւնի մեծ փաթիլներ սկսան իջնել: Շուէտի մէջ երթեւեկը կանգ առած է ձիւնին պատճառով: Կին մը, որ մայրանոց կþերթար, երեխայ մը ծնաւ անշարժացած թաքսիի մը մէջ: Ագարակ մը հրկիզուեցաւ հրշէջներու աչքին առջեւ, որոնց մեքենաները 300 մեթր անդին անշարժացած էին: Դանիոյ մէջ հովը, որ քանի մը օրէ ի վեր սաստիկ կը փչէր, մեղմացած է: Ձիւնը այնքան առատ է, որ գլխաւոր ճամբաները կարելի չեղաւ բանալ: Լեհաստանի մէջ, Պալթիքի վրայ նաւային երթեւեկը կանգ առած է: Ամբողջ երկիրը 20 սանթիմեթր ձիւնի տակ է եւ շոգեկառքերը շատ ուշ կը հասնին: Ֆրանսայի վիճակը աւելի նախանձելի չէ: Ձիւնեց Սթրազպուրկի, Կրընոպլի, Փիրենեան շըրջաններու եւ Ռեննի մէջ: