- Ֆրանսայի նոր Պրիժիթ Պարտոն, հայազգի Սիլվի Վարդան, կը ձգտի փառքի տիրանալ հին Պարտոյէն տարբեր ճամբու հետեւելով։ Ան Ֆրանսայի մէջ ինքզինք պարտադրած էր իր երգով, հիմա ալ ցատկած է թատրոնէն ներս, աւելի ետքի թողելով 7րդ արուեստը՝ սինեման։ Նոր կուռքերու խորհրդանշան Սիլվի Վարդան, շուտով ըմբռնեց թէ՝ պէտք է տքնաջան աշխատանքի լծուի,
որպէսզի իր անունը ապրի արուեստի երկնակամարին վրայ։ Ներկայիս ան կը շրջի ֆրանսական քաղաքները, իբրեւ անդամ թատերախումբի, խաղալով դասական թէ արդիական կատակերգութիւններու մէջ։ Արուեստագիտուհին իր գեղարուեստական գործունէութիւնը միայն Ֆրանսայի մէջ սահմանափակելու մտադրութիւն չունի։ Շրջապտոյտը կը վերջանայ շուտով եւ «Ֆրանսայի լաւագոյն ձայնը» կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ։ Նախ երգահանդէսներ պիտի սարքէ Նիւ Եորքի եւ ամերիկեան զանազան քաղաքներու մէջ, ապա պիտի անցնի Հոլիվուտ, ուր պիտի դարձնէ չորս ժապաւէններ՝ Ֆոքս ընկերութեան հաշւոյն։ Բայց Սիլվի Վարդան Հոլիվուտ ալ երկար պիտի չմնայ։ Աւելի լայն ծրագիրներ ունի։ Շրջապտոյտներ պիտի ընէ Ափրիկէ եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, իբրեւ առաջին հանգրուան ունենալով Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոն։ Յետոյ պիտի վերադառնայ Ֆրանսա, այցելելու համար եւրոպական շատ մը մայրաքաղաքներ։ Տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին առաջին ժապաւէնը «Փաթաթ», արդէն իսկ սկսած է ներկայացուիլ Ֆրանսայի սինեմաներուն մէջ։ Այս ֆիլմին մէջ իրեն իբրեւ խաղընկեր ունի Ժան Մարէն եւ Միշէլ Մարշալ։ Սիլվի Վարդան հետեւեալ կերպով կը սահմանէ իր ապագան.¬ Պիտի աշխատիմ ու պայքարիմ։ Կþուզեմ բարձունքը հասնիլ, առանց սայթաքելու կամ սխալելու։ Ներկայիս ծայրը կը գտնուիմ դեռ։
- Պոլսահայ ծանօթ դաշնակահարուհի օր. Մարի Իւսթատ Շան Սինեմայի սրահին մէջ տուած է նուագահանդէս մը, որուն ներկայ եղած է երաժշտասէրներու բազմութիւն մը։ Օր. Իւսթատի բոլոր նուագումները արժանացած են բուռն եւ երկարատեւ ծափերու։