50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Այս տարի եւս Ժողովրդային Չինաստան չկրցաւ մուտք գործել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս: Ամերիկացիք անգամ մը եւս արժեցուցին իրենց խօսքը՝ Մանհաթընի երկնաքերին դռները փակելով Փեքինի առջեւ: Բայց նկատելի է, որ Չինաստան հետզհետէ կը մօտենայ: Առնենք երեք թուական՝ 1953, 1959 եւ 1965, իրարմէ վեց տարի տարբերութեամբ, հաստատելու համար, թէ Չինաստանի անդամակցութեան կողմնակիցներուն թիւը հետզհետէ աւելցած է, մինչ նոյն համեմատութեամբ պակսած է դէմ արտայայտուողներուն համրանքը: 1953ին ի նպաստ եղած է Մ.Ա.Կ.ի անդամներուն 17 առ հարիւրը, դէմ՝ 80 առ հարիւրը, իսկ 3 առ հարիւրը ձեռնպահ մնացած է: 1959ին, ի նպաստ 35 առ հարիւրը, դէմ՝ 55 առ հարիւրը, ձեռնպահ՝ 10 առ հարիւրը: 1965ին, ի նպաստ 41 առ հարիւրը, դէմ 41 առ հարիւրը, ձեռնպահ 18 առ հարիւրը: Անշուշտ համեմատութիւններու այս փոփոխութիւնը վերագրելի է Մ.Ա.Կ.ի անդամներուն թիւին յաւելման, նոր անդամները գրեթէ բոլորն ալ կողմնակից ըլլալով Չինաստանի ընդունման: Բայց եւ այնպէս, մտքերու մէջ հետզհետէ սկսած է տեղ գտնել մտածումը, թէ կարելի չէ երկար ատեն միջազգային կազմակերպութենէ մը դուրս պահել 600 միլիոննոց ժողովուրդ մը: Այս առնչութեամբ, յատկանշական է Ֆրանսայի պատուիրակին արտայայտութիւնը.- «Մ.Ա.Կ.ը աւելի պէտք ունի Փեքինին, քան թէ Փեքինը՝ Մ.Ա.Կ.ին: Այլ խօսքով, 600 միլիոննոց ժողովուրդ մը կրնայ Մ.Ա.Կ.էն դուրս մնալ եւ չտուժել, մինչդեռ Մ.Ա.Կ.ը առանց այդ ժողովուրդին մեծ բան կը կորսնցնէ իր տիեզերական հանգամանքէն»: Յատկանշական էր Խորհրդային Միութեան պատուիրակին ելոյթը: Ֆետերենքօ խօսեցաւ քսան վայրկեան՝ յարձակելով ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ, բայց՝ առանց բառ մը արտասանելու Չինաստանի մասին: Եւ շատ բնականօրէն, քանի որ նոյն օրը, հազարաւոր քիլոմեթրներ անդին, Մոսկուայի «Փրաւտա»ն եւ Փեքինի «Կարմիր Դրօշակ»ը աննախընթաց սաստկութեամբ կը վիճէին: Վերջին քուէարկութեան արդիւնքը ամերիկացիները կը թուի բերած ըլլալ այն համոզման, թէ Վիեթնամի հարցին կարգադրութենէն ետք կարելի է վերաքննութեան ենթարկել Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը Չինաստանի հանդէպ: