50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի գովելի նախաձեռնութեամբ՝ Նոյեմբեր 14ին, տեղւոյս Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ այն բոլոր ընկերներուն, որոնք զոհուեցան հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան ի խնդիր, կամ իրենց աչքերը փակեցին հայրենիքի ազատութեան մուրազը սրտերնուն։ Եկեղեցին լեցուած էր ընկերներու, համակիրներու եւ նուիրեալներու յիշատակը յարգող հայրենակիցներու հոծ բազմութեամբ մը։ Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, տեղի ունեցաւ հաւաքական այցելութիւն քաղաքիս Ազգ. գերեզմանատունը, ուր յատուկ արարողութեամբ յիշատակուեցան անունները՝ հոն հանգչող բոլոր ընկերներուն։ Որմէ վերջ, ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան յուզիչ ու տպաւորիչ խօսքով ոգեկոչեց բոլոր ուխտեալներուն յիշատակը։ Յաջորդ Կիրակի, Մաքետոնիքոն Սփուտոնի ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիմնադրութեան 75ամեակի շքեղ տօնակատարութիւնը։ Սրահին ճակատը կը զարդարէին հելլէն դրօշը եւ հայկական եռագոյնը, որոնց մէջտեղը զետեղուած էր Հ.Յ.Դ. զինանշանը գեղեցկօրէն գծագրուած Երիտասարդացի անդամներէն՝ Օննիկ Սվաճեանի կողմէ։ «Ադամեան» երկսեռ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ իր արժանաւոր խմբավարին՝ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի, երգեց հելլէն եւ հայ ոգերգները, որմէ վերջ, օրուան նախագահ ընկ. Լեւոն Ճլկունի հանդէսը բանալով բացատրեց օրուան տօնին նշանակութիւնը։ Ապա անցաւ յայտագրի գործադրութեան, որու ընթացքին շատ յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ օր. Անահիտ Աբրահամեան, օր. Արաքսի Աբելեան եւ Արիս Վարժապետեան։ Երիտասարդ ընկ. Յակոբ Գասապեան կարդած խնամուած ինքնագիր ուղերձ մը՝ որով ան կը թուէր Դաշնակցութեան ծնունդ տուող պատճառները եւ 75 տարիներէ ի վեր անոր կատարած գործը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Կարապետ Գալֆայեան, որ իր բանախօսութեամբ յուզեց եւ խանդավառեց բոլոր ներկաները։ Երգչախումբի «Յառաջ Նահատակ»ով փակուեցաւ հանդէսը։