«A-1» արբանեակին արձակումով Ֆրանսա դարձաւ անջրպետային երրորդ տէրութիւնը: Խորհրդային Միութենէն ութ տարի ետք ու Միացեալ Նահանգներէն՝ եօթը, Ֆրանսա երկրային ծիրի վրայ զետեղեց իր առաջին արբանեակը, Սահարայի Համակիր խարիսխէն: Անկախ այս արձակումին գիտական եւ թեքնիք յաջողութենէն, որուն համար շնորհաւորելի են ֆրանսացի գիտնականներն ու մասնագէտները, այս դէպքին նախագահական ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ պատահիլը կը գրաւէ դիտողներու ուշադրութիւնը: Կասկած  չկայ, որ ֆրանսացիներու ազգային արժանապատուութիւնը շոյող այս յաջողութիւնը նպաստաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ զօրավար տը Կոլի հաւանական յաղթանակին վրայ: Եօթը տարիէ ի վեր տը Կոլ քաղաքական, տնտեսական ու գիտական մարզերու մէջ բոլորովին անկախ Ֆրանսայի մը ախոյեանը կը հանդիսանայ: Երկիրը կþենթարկէ շատ մեծ ծախսերու՝ կարենալ ձեռք բերելու համար այս անկախութիւնը, որ կþընդգրկէ նաեւ զինուորական մարզը: Ֆրանսական հիւլէական հարուածող ուժին ծրագիրը եւս կը ձգտի նոյն նպատակին: Ֆրանսայի այս յաջողութեան մէջ, որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ չինական աղբիւրէ բխած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «ասիկա ամերիկեան կայսերապաշտութեան տրուած նոր հարուած մըն է»: Խորքին մէջ ֆրանսական արբանեակը կարելի չէ բաղդատել ամերիկեան կատարելագործուած արբանեակներուն հետ: Ֆրանսա եւ իրմէ ետք անջրպետային տէրութիւն դառնալու կոչուած այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Իտալիան ու Անգլիան, ո՛չ միջոցը ունին եւ ո՛չ ալ յաւակնութիւնը՝ Մ. Նահանգներուն հասնելու: Բայց, դէպքը առած իբրեւ երեւոյթ, իբրեւ տը Կոլի անկախութեան տեսակէտին ուժ տուող յաջողութիւն, կրնայ նոր կացութիւններ ստեղծել Ատլանտեանի զինակցութեան ճակատին վրայ: Պէտք չէ մոռնալ, որ ՆԱԹՕի խորհուրդը երկու օր առաջ գումարուեցաւ Փարիզի մէջ՝ մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մաք Նը Մարայի: Ֆրանսա բացակայ էր այդ ժողովէն: Պատճառները յայտնի են: Տը Կոլ դժգոհ էր ՆԱԹՕի զինակցութեան մէջ տիրող ոգիէն ու ամերիկեան գործելակերպէն: