Երեքշաբթի՝ 9 Նոյեմբեր, ժամը 10:00ին, բերնէ բերան լեցուած էր Սորպոնի մեծ ամփիթատրոնը: Սորպոն՝փառահեղ հանդիսութեամբ մը կը մեծարէ Վիկտոր Համբարձումեանը։ Հազուադէպ էր տեսնել այսքան բազմութիւն. պատշգամ, վերնատուն, հսկայ սրահին բոլոր բաժինները՝ լեցուած: Ընդարձակ բեմին վրայ, որ դարձած էր մարդկային իմացականութեան Ողիմպոսը, տեղ գրաւած էին համալսարաններու վերատեսուչը, բարձրագոյն ուսումնարաններու տեսուչները, ակադեմականներ, փրոֆեսէօրներ, բոլորը՝ իրենց աւանդական զգեստաւորումով, խայտաճամուկ նափորտներու մէջ փաթթուած, ճաճանչաւուխտ շքանշաններով զարդարուած: Բեմին առջեւ՝ կըրթական նախարարը՝ Ֆուշէ, իր կողքին դեսպանները՝ ամերիկեան, անգլիական, գերմանական, պելճիքական, զուիցերիական, իտալական, պրազիլեան եւ Խ. Միութեան (Զորին): Անմիջապէս ետեւը՝ բարձրագոյն վարժարաններու տեսուչներ, մտաւորականներ: Հանրապետական պահակազօրաց նուագախումբը կը հնչեցնէ «Մարսէյեզ»ը եւ ծով բազմութիւնը կը կանգնի ոտքի: Հանդիսութեան աւարտին՝ համալսարաններու վերատեսուչը՝ Ժան Ռոշ կարդաց իր ճառը, որով շնորհակալութիւն կը յայտնէր կառավարութեան ներկայացուցիչին եւ դեսպաններուն, անգամ մը եւս շնորհաւորելէ ետք պսակաւոր գիտնականները, կը յայտնէր, թէ ֆրանսական համալսարանները կը յորդին ուսանողութեամբ, տարուէ տարի կþաւելնայ ուսանողներուն թիւը եւ նեղ կու գան համալսարանները: – Վիկտոր Համբարձումեանի պսակաւորումով Ռուսիա իններորդ անգամն է, որ կը ստանայ Սորպոնի տոքթոր օնորիս քաուզա բարձրագոյն տիտղոսը, ֆրանսական այս տիտղոսը գերագոյն պսակն է գիտական աշխարհի մէջ: Առաջինը ստացած է հանճարեղ Փաւլով՝ 1925ին, իսկ 1945ին՝ չորս գիտնականներ, Պեռընշտայն, Կապիցցա, Եոֆէ, Տարլէ, 1946ին՝ Եուտին, 1955ին՝ Ան Կոլմոկորով, 1959ին՝ Փաւլովսքի, 1965ին՝ Վիկտոր Համբարձումեան: