- Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը հրապարակեց «Ազատ Օր»ին մէջ.¬ «Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը այսօր ուրախութեամբ կը ծանուցանէ հայութեան, թէ Հ. Կ. Խաչի բազմամեայ պատուական անդամներէն տէր եւ տիկին Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեանները՝ Հ. Կ. Խաչին կտակած են Այիա
Բարասքէվիի իրենց շքեղ ամարանոցը, ինչպէս նաեւ Նէոս Գոզմոսի իրենց երկյարկանի արդիական շէնքը, որոնց երկուքին արժէքը միասնաբար աւելի քան երեք միլիոն տրախմի է (100 հազար տոլար)։ Կտակարարներու ջերմ փափաքն է, որ յառաջիկային, Աթէնքի մէջ, երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան կողմէ գործածուելու համար կառուցուի ներկայանալի եւ ամէն յարմարութիւններով օժտուած սրահ մը, որ կոչուի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահ։ Աւետիքեաններու այս իշխանական նուիրատուութեան համար, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը որոշեց Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեանները եւ իրենց քենին ու քոյրը՝ տիկին Լուսի Թորոսեանը հռչակել՝ Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի շրջանի բարերարներ»։
- Ֆրեզնոյէն Երեւան այցելած են տէր եւ տիկին Արա եւ Ալիս Շիրազեանները, որոնք Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի միջոցով Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին նուիրած են հանգուցեալ բանաստեղծ, խմբագիր եւ հրատարակիչ Մերուժան Պարսամեանի պատրաստած «Յիշատակարան»ը։ Ահա՛ թէ ի՞նչ է այդ «Յիշատակարան»ը։ 1910ին, Պարսամեան փափաքած է հրատարակել գրական¬գեղարուեստական հանդէս մը։ Այդ նպատակով, դիմումներ կատարած եւ հարցաթերթիկներ ղրկած է հայ գրողներու, արուեստագէտներու եւ գրասէրներու, անոնցմէ խնդրելով համապատասխան նիւթեր՝ իր հրատարակելիք հանդէսին համար։ Շատեր պատասխանած են այս դիմումներուն։ Մերուժան Պարսամեան, իր հաւաքած այս նիւթերէն միայն մէկ քանին հետագային զետեղած է «Կեանք եւ Արուեստ» տարեգրքին մէջ, իսկ մնացածը հաւաքած եւ ամփոփած է «Յիշատակարան»ին մէջ, որ իր մահէն վերջ անցած է իր եղբօրը՝ գրագէտ Մկրտիչ Պարսամեանի իրաւասութեան։