Գերագոյն Խորհուրդը, իր երէկուան նիստի ընթացքին, վաւերացուց շարք մը միջոցներ, որոնցմով խոր փոփոխութեան կþենթարկուի կառոյցը եւ կազմը սովիէթ կառավարութեան ու կը զօրանայ եւ կ'ամրապնդուի դիրքը պրն. Խրուշչէվի երկու յաջորդներուն՝ Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան պետ Լէոնիտ Պրեժնիէվի եւ վարչապետ պրն. Ալեքսէյ Գոսիկինի։ Նախ եւ առաջ, առողջական պատճառներով Խորհրդային Միութեան նախագահութենէ հրաժարեցաւ պրն. Անասթաս Միկոյեան, որ 70 տարեկան է եւ որուն տեղը գրաւեց Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահական կազմի անդամ եւ Համայնավար կուսակցութեան Կ. Կ.ի քարտուղար պրն. Նիքոլայ Փոթկորնի։ Նմանապէս պաշտօնէ հեռացուեցաւ առաջին փոխ¬վարչապետ պրն. Ալեքսանտր Շելեփին։ Կառավարութենէն հեռացուեցան նաեւ քարոզչական ու գաղափարաբանական չորս յանձնախումբերու նախագահները։ Այս բոլոր փոփոխութիւնները տեղի ունեցան առաջարկովը պրն. Պրեժնիէվի եւ Գոսիկինի եւ վաւերացումովը Գերագոյն Խորհուրդի լիագումարին։ Միայն Շելեփին կը պահէ Կեդր. Կոմիտէի Նախագահական կազմի անդամի դիրքը։ Պրն. Անասթաս Միկոյեան, Գերագոյն Խորհուրդի երէկուան նիստի ընթացքին յայտարարեց՝ թէ երեք տարի առաջ իր ենթարկուած վիրաբուժական մէկ գործողութիւնը իրեն համար դժուարացուցած է իր նախագահական պարտականութեանց կատարումը։ Պրն. Լէոնիտ Պրեժնիէվ վեր առաւ պրն. Միկոյեանի գործը եւ լիագումարին թելադրեց ընդունիլ հրաժարականը, ինչ որ եղաւ։ Պրն. Միկոյեան սովիէթ միակ ղեկավար դէմքն է, որ 40 տարիէ ի վեր անդամ է սովիէթ Համայնավար Կուսակցութեան Գերագոյն Մարմնի՝ Կեդր. Կոմիտէի նախագահական կազմին։ Բոլոր վերիվայրումներէն անսասան դուրս գալու իր կարողութիւնը գրեթէ առասպելական դարձած է։ Վրաստանէն հայ ատաղձագործի մը զաւակն է եւ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ 1964 Յուլիսին, յաջորդելով պրն. Լէոնիտ Պրեժնիէվի, որ երեք ամիս յետոյ Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարի պաշտօնին մէջ յաջորդեց պրն. Նիքիթա Խրուշչէվին։ Պրն. Միկոյեան իր կեանքը սկսաւ իբրեւ աստուածաբանութեան ուսանող եւ իր հայ հայրենակիցները կը շարունակեն հպարտ ըլլալ այն նախկին Դպրեվանքով՝ ուր ուսանեցաւ Միկոյեան։ Իբրեւ հայ, արժանի եղաւ իր ազգի առեւտրականի համբաւին եւ երկար տարիներ Ռուսիոյ թիւ 1 ձեռնարկուն էր։