Դեկտեմբեր 4ին, օդային գծով Թեսաղոնիկէ ժամանեց Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ՝ Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեան, որ օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ՝ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Անուշաւան Քհնյ. Յարութիւնեանի, Ազգ. Իշխանութեան, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական, Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, «Ադամեան» թատերասիրացի վարչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ շատ մը ազգայիններու կողմէ։ Սրբազան հայրը ինքնաշարժներու թափորով ուղղուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր կարճ աղօթքէ մը ետք, զրոյց ունեցաւ Միութեանց ներկայացուցիչներուն հետ եւ ապա առաջնորդուեցաւ Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեանի բնակարանը, ուր եւ հիւրընկալուեցաւ՝ Թեսաղոնիկէ իր հնգօրեայ բնակութեան ընթացքին։ Կիրակի առաւօտ, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման 62րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, աւանդական մատաղօրհնութիւն եւ մատաղաբաշխում։ Պատարագեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ խօսեցաւ նաեւ քրիստոնէաշունչ ու ոգեւոր քարոզ մը, խորապէս տպաւորելով հարիւրաւոր հաւատացեալները, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին ու շրջափակը։ Պատարագի երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարեց «Ադամեան»ի երկսեռ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի։ Յաւարտ Պատարագի, բոլոր հաւատացեալներուն բաժնուեցան մատաղի ծրարիկներ՝ զորս պատրաստած էին Հ. Գթ. Խաչի եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան տիկիններն։  Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ յաջորդ օրերուն, մօտէն հետաքրքրուելու համայնքի ազգային կեանքով։ Նախագահեց Ազգ. Իշխանութեան յաջորդական նիստերուն, որոնց ընթացքին քննուեցան կարեւոր հարցեր։ Պաշտօնական այցելութիւններ տուաւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց նաեւ Նանսէնեան Ծերանոցի բնակիչներու կեանքով եւ ամէն մէկուն քաջալերական խօսքեր ընելով խրախուսեց զանոնք։ Սրբազան Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթներ տուին՝ Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւնը։