- Հայաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը, անցեալ ուսումնական տարեշրջանին, դպրոցներուն մէջ բացած է 3394 պիւֆէ եւ 62 ճաշարան՝ 5625 տեղով, իսկ այս Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին՝ 297 պիւֆէ՝ 2808 տեղով եւ 26 ճաշարան՝ 580 տեղով։ Երեւանի դպրոցներուն մէջ անցեալ ուսումնական տարեշրջանին 57.970 երեխաներ ձրի ճաշ ստացած են։ Այսուհանդերձ,

երկրի զանազան շրջաններուն մէջ շատ թոյլ է ճաշարաններու սպասարկութիւնը եւ ընդհանուր առմամբ՝ սննդամթերքի տեսակները աղքատ ու միօրինակ են։ Կացութիւնը աւելի անմխիթար է յատկապէս գիւղական վայրերու դպրոցներուն մէջ։

- Աւարտած է շինութիւնը Աբարանի ջրամբարին։ Յիսուն մեթր բարձրութեամբ հողաշէն պատնէշը ծովու մակերեսէն 1800 մեթր բարձրութեան վրայ փակած է Քասախ արագահոս գետին հունը։ Հայաստանի այս մեծագոյն ջրամբարը տարեկան պիտի հաւաքէ աւելի քան 90 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր։ Աբարանի ջրամբարը՝ եօթուկէս քառակուսի քիլոմեթր մակերես ունի։
Որոտան գետի ջուրերը, դարեր շարունակ հոսեր են անօգուտ կերպով։ Սակայն վերջերս, Զանգեզուրցիները սկսած են ընդերկրեայ ապառաժներու մէջէն նոր հուն մը փորել գետին համար, որպէսզի Որոտանի ջուրերը ուժ ու լոյս դառնան։ Ջրվէժի շինութիւնը սկսած է երկու տարի առաջ։ Տաթեւի ջրելեկտրակայանը պիտի արտադրէ 160 հազար քիլովաթ ելեկտրականութիւն։ Նման երկու ջրելեկտրակայաններ եւս պիտի կառուցուին Որոտանի վրայ,¬ Շամբին ու Սպանդարեան։ Այս երեք ջրելեկտրակայանները պիտի արտադրեն ա՛յնքան ուժ, որքան որ ներկայիս կþարտադրեն Սեւան¬Հրազդան ջրվէժի վեց ջրելեկտրակայանները միասին։ Աշխատանքները կը կատարուին իրարմէ տասնեակ քիլոմեթր հեռու կէտերու վրայ։ Պիտի բացուի 18 քիլոմեթր երկարութեամբ փակուղի մը։ Եօթը քիլոմեթր բացուած է արդէն։ Այս առթիւ, հիմնուած են Շամբի, Որոտանի, Խոտի, Շինուհայրի, Շտրեկի բանուորական աւանները։ Հսկայական ջրաւազանը կը շինուի ծովու մակերեւոյթէն մօտաւորապէս 1500 մեթր բարձրութեան վրայ։