50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Յաղթահարելով արժանապատուութեան հետ կապուած որոշ դիւրազգածութիւններ, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը, Կիրակիի ընտրութիւններուն ձայներու 43 առ հարիւրը ստանալէ ետք, որոշեց մասնակցիլ Դեկտեմբեր 19ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ մրցակից ունենալով ձախակողմեան հոսանքներու միակ թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանը: Կասկած չկայ, որ զօրավար Տը Կոլ պիտի ընտրուի Դեկտեմբեր 19ին, որովհետեւ այն ձայները, որոնք Դեկտեմբեր 5ին պատճառ դարձան իր ձախողութեան, եթէ ոչ ամբողջութեամբ (ինչ որ անհնար է, մանաւանդ՝ աջակողմեաններու պարագային) առնուազն որոշ տոկոսով մը պիտի գան իրեն, որովհետեւ ո՛չ Լըքանուէի եւ ո՛չ ալ երկրորդական միւս թեկնածուներուն ետեւ կեցող ուժերը պիտի ուզեն համայնավարներու հետ դաշնակցած Միթերան մը տեսնել Էլիզէի մէջ: Հետաքրքրական է այս առթիւ վերլուծել ձախերու թեկնածու Միթերանի եւ Էմ.Էր.Փէ.ի աջակցութիւնը վայելող Ժան Լըքանուէի ստացած ձայներուն համեմատութիւնը: Եթէ պատահէր, որ Միթերան եւ Լըքանուէ գրեթէ հաւասար ձայներ ստանային, ընկերվարականները կրնային լքել համայնավարները եւ ճակատ կազմել Էմ.Էր.Փէ.ի հետ՝ պայքարելու համար զօրավար Տը Կոլի դէմ: Այդ պարագային, Տը Կոլի հաւանականութիւնները կը պակսէին: Բայց հիմա, որ Լըքանուէ ստացած է ձայներուն միայն 15 առ հարիւրը, Կի Մոլլէի կուսակցութիւնը դժուար թէ բաժնուի համայնավարներէն, Դեկտեմբեր 19ի ընտրութեանց համար: Չենք խօսիր տեւական միացեալ ճակատի մասին, որովհետեւ երկու կուսակցութիւնները միայն ընտրական հարցերու շուրջ համաձայնած են եւ ոչ թէ՝ գործունէութեան: Նոյնքան հետաքրքրական մեկնաբանութիւն մը կու գայ Ուաշինկթընէն: Մ. Նահանգները, որոնք կրնային փափաքիլ Տը Կոլի պարտութիւնը, երկրորդ քուէարկութեան ընկերվարականները եւ հանրապետականները միացած տեսնելու հեռանկարով, հիմա այլեւս չեն կրնար Տը Կոլի պարտութիւնը փափաքիլ, որովհետեւ Միթերան, հակառակ ընկերվարական մը ըլլալուն, համայնավարներու ձայներով վտանգած է իր դիրքը: Անկախ այս խորհրդածութիւններէն, թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ կը տիրէ այն մտայնութիւնը, որ զօրավար Տը Կոլ պէտք էր քաշուէր՝ առանց Դեկտեմբեր 5ի նուաստացումին ենթարկուելու: