Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ ապագայի վարժարանը: Ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր կրթութիւնը մեծ ու փոքր երկիրներու կառավարութեանց թիւ մէկ խնդիրն է, ամերիկացիք սկսան փորձի մը, որ եթէ յաջողի, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլորովին պիտի փոխուի կրթական դրութիւնը: Ֆլորիտայի մէջ հաստատեցին վարժարան մը, որ թէեւ կանոնաւոր կերպով կը գործէ, բայց դեռ շատ կանուխ է անոր մասին կարծիք  յայտնելու համար: Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս վարժարանի նորութիւնը: Նախ եւ առաջ՝ այն իրողութեան մէջ, որ ամբողջական կրթութիւն պիտի տայ: Մանուկը պիտի առնէ նախադպրոցական տարիքէն՝ երեք տարեկանէն եւ ժամանակակից կրթական բոլոր միջոցները պիտի տրամադրէ անոր: Պիտի ապահովէ ուսման շարունակականութիւնը եւ ամէն կարելիութիւն պիտի ընծայէ անոր՝ իր տաղանդն ու  կարողութիւնները զարգացնելու համար: Եթէ վարժարանը աւարտէ, խոհեմ մարդ պիտի ըլլայ, վկայականով ու սիստեմաթիկ կատարեալ կրթութեամբ: Պէտք պիտի չունենայ ուրիշ վարժարաններու մէջ ուսանելու՝ իր կրթութիւնը ամբողջացնելու համար: Այս վարժարանը քանի մը օր առաջ սկսաւ գործել Ֆլորիտայի Ֆորթ Լոնտրտէյլի մէջ: Շէնքերը գերարդիական են: Կան բազմաթիւ գրադարաններ, սրահներ, ուր տղաքը կրնան երաժշտութիւն մտիկ ընել կամ շարժապատկեր դիտել: Վարժարանի ներկայացուցիչը յայտարարեց.- «Մեր վարժարանին նպատակն է պատրաստել իրական գիտնականներ, որոնք կը սիրեն իրենց գործը եւ կը կարենան կատարել իրենց  պարտականութիւնը: Ամէն մեծ ընկերութիւն, ձեռնարկ կամ կազմակերպութիւն պիտի գիտնայ, թէ միայն մեր վարժարանին կողմէ գիտականօրէն ու մեթոտիկ կերպով պատրաստուած պիտի ըլլան իր փնտռած ուժերը: Եւ անհրաժեշտ է, որ գոյութիւն ունենան այս տեսակ ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ վարժարաններ, որ «ուղեղներ» ապահովեն ճարտարարուեստական եւ արհեստագիտական լրիւ զարգացման մէջ գտնուող ամէն երկրի: Կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցերու մասնագէտները իւրացուցին այս դրութիւնը, որովհետեւ միայն այս ձեւով կարելի պիտի ըլլար իրական գիտնականներ պատրաստել: Թարգմ. ՎԷՆ