50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Տարուէ տարի կþաւելնայ Հայաստանի թանգարաններուն նկատմամբ ժողովուրդին հետաքրքութիւնը, անընդհատ կþաւելնայ այցելուներուն թիւը։ Լայն ընդունելութիւն գտած են, օրինակ, Հայաստանի Պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանները։ Պատմական հազուագիւտ, արժէքաւոր ցուցանմոյշներով հարուստ մշակոյթի այդ օճախները իրաւամբ կը նկատուին աշխարհի լաւագոյններէն։ Պատմութեան թանգարանը արդէն այսօր ունի աւելի քան 140.000 արժէքաւոր յուշարձաններ։ Պատմական Դուինի, Կարմիր Բլուրի, Անիի, Սեւանայ լիճի եւ այլ վայրերու պեղումներէն յայտնաբերուած կաւէ, ապակիէ, ճենապակիէ առարկաները եւ զարդերը, ինչպէս նաեւ մեր թուարկութենէն քանի մը հարիւրամեակներ առաջ գործածուած փայտեայ երկու կառքերը, որոնք զարմանալի կերպով լաւ վիճակի մէջ մնացած են, բոլոր այցելուներուն հիացում կը պատճառեն։ Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նոյնպէս պատմական Հայաստանի ուռուցիկ քարտէսը, ներկայացուած են պատմական դէպքերն ու հերոսական սխրագործութիւնները։ Գրականութեան եւ Արուսետի թանգարանին ցուցանմոյշները կէս միլիոնի կը հասնին։ Հոս ներկայացուած են մեր թատերական մշակոյթին երկու հազարամեայ պատմութիւնը, հայ գրականութիւնը եւ արուեստը։ Յատուկ արկղներու եւ պահարաններու մէջ կը պահուին մտաւորական դէմքերու դիւանաթուղթերը։ Հոս կը գտնուին նաեւ Սայաթ¬Նովայի աւելի քան երկու հարիւր տարի առաջ հայերէն, վրացերէն եւ ատրպէյճաներէն ձեռագիրները, Էսթոնիայէն վերջերս բերուած Աբովեանի վերաբերեալ արժէքաւոր նիւթեր։ Հայ ժողովուրդի նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթին գանձարանը հանդիսացող այս երկու թանգարանները միշտ կը հարստանան նոր հազուագիւտ նիւթերով, որոնք կը ստացուին պեղումներէն, Հայաստանէն ու դուրսէն ղրկուած նուէրներէն։ Երեք տարիէ ի վեր հիմնովին վերափոխուած է նախկին Հնագիտական թանգարանը, որ ներկայիս կը կոչուի Հայաստանի Բնութեան Պետական թանգարան։