- Ղարաբաղի Տումի գիւղին մօտերը, գիւղացիներ պատահաբար երեւան հանած են հին դամբարաններ, որոնց մէջ գտնուած են 60-190 սմ. երկարութիւն եւ 40-120 սմ. խորութիւն ունեցող գերեզմաններ։ Գերեզմաններէն մէկը ունէր 2,50 մեթր երկարութիւն եւ կը պարունակէր կնոջ մը դիակը։ Հոն գտնուած են կաւէ սափորներ, ականջի օղեր, դրամներ, թանկարժէք եղջերաքարերէ մատանիներ, եւայլն։ Դրամներէն մէկը, համաձայն Հայաստանի պատմական թանգարանի դրամագէտ Խ. Մուշեղեանի, կը պատկանի Սասանեան հարստութեան թագաւորներէն Վարահրան Ե.ի։

- Երեւանի մէջ իր աշխատանքները աւարտած է քննական տեսութեան նուիրուած միջազգային համագումարը։ Բազմաթիւ գիտնականներ այս առթիւ խօսած են Հայաստանի մասին։ Փրոֆ. Ժորժ տը Ռամ ըսած է.- «Հոս դուք ունիք ուսողական գիտութեան նուիրուած հոյակապ դպրոց մը։ Այսքան փոքր երկրի մը համար ձեր ուսողագէտներուն թիւը նոյնիսկ արտասովոր է։ Փարիզի Սորպոնի փրոֆեսէօր Փիէռ Լըլոն ըսած է.- «Բազմաթիւ հետաքրքրական զեկուցումներու կարգին կþուզեմ թուել Շահինեանի, Ջրբաշեանի, Մերգելեանի հաղորդումները»։ Լոնտոնի համալսարանի փրոֆեսէօր Ուալթըր Հէյսըն, իր կարգին գոված է Ջրբաշեանի զեկուցումը։

- Արտասահմանէն զանազան հայեր կարգ մը արժէքաւոր եւ պատմական իրեր նուիրած են Հայաստանի թանգարաններուն։ Նուէրներուն մաս կը կազմեն՝ Ժ.Ը.ի դարերու ֆրանսական մետալներ, Տիգրան Մեծի եւ Կիլիկեան դրամներ, 1769ին Վենետիկի մէջ լոյս տեսած «Բառագիրք Հայկազեան Լեզուի» գիրքը, ԺԲ. դարուն Կեսարիոյ մէջ կարուած կիսամուշտակ մը, Ե.¬Է. դարերու Բիւզանդական ոսկեդրամներ, Վենետիկեան տուկատներ, ժամացոյցներ, եւայլն։

- «Հայաստան» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Յարութիւն Թուրշեանի «Սարտարապատի Հերոսամարտը» գիրքը՝ տասը հազար տպաքանակով։ Հեղինակը կը ներկայացնէ 1918ին, հայ ժողովուրդին մղած հերոսական ինքնապաշտպանութեան պատմութիւնը։