- Մօտ օրէն Բիւրական դիտարանին մէջ պիտի հիմնուի երկու հայելիով խոշոր անթէն մը, զոր հայ գիտնականներ յղացած են նոր ռատիօ¬հեռադիտակին գերզգայուն անթէնի սիստէմը, որ շատ տկար ազդաշնաններ կրնայ ստանալ եւ ճշգրտօրէն «ուղղուիլ» դէպի այդ ազդանշանները, կարելիութիւն պիտի տայ գիտնականներուն, որ տիեզերքի չխուզարկուած խորութիւններէն ներս թափանցեն եւ Ծիրկաթինի բնագիտական բարդ երեւոյթներուն գաղտնիքները լուծեն։ Նաեւ թոյլ պիտի տայ որ ուսումնասիրեն միջմոլորակային ջրածինը եւ մինչեւ ռատիօ¬ճառազայթումի «ռատիօ¬աստղերուն» տիեզերական աղբիւրները հասնող հեռաւորութիւնը ճշդեն։ Ապագայ երկհայելի ռատիօ¬հեռադիտակին մէկ փոքր նմուշը արդէն յաջողութեամբ կը գործէ Բիւրականի շրջանին մէջ։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Երեւանի մէջ աշխատանքներ կը տարուին՝ թատրոնի նոր շէնքի մը շինութեան ուղղութեամբ։ Առաջին բեմադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1966 Յունուարին։ Պիտի բեմադրուի «Պեպօ»ն։ Թատրոնի նոր շէնքը պիտի ունենայ բոլոր յարմարութիւնները։ Փորձասրահներու մէջ փորձեր պիտի կրնան կատարել երեք խումբեր, որոնցմէ երկուքը միաժամանակ ներկայացումներ պիտի կրնան տալ շէնքին երկու դահլիճներուն մէջ։ Գլխաւոր թատերասրահը պիտի ունենայ 1150 աթոռ, երկրորդը՝ 450։ Ճեմասրահներու եւ հանդիսասրահի ճարտարապետական ձեւաւորումին մէջ կþօգտագործուին հայկական գրեթէ բոլոր լաւագոյն քարատեսակները՝ տուֆէն մինչեւ մարմար։ Գլխաւոր ճեմասրահին պատին վրայ պիտի զետեղուի Մարտիրոս Սարեանի Հայաստանի բնաշխարհը պատկերացնող մեծ պաստառը, զոր յօրինած է յատկապէս թատրոնին համար։ Թատրոնը պիտի ունենայ յարմարաւէտ զարդասենեակներ, լոգարաններ, հանգիստի անկիւններ, ձմեռնային պարտէզ, իր փոքրիկ սրճարանով։ Ներկայացումները, շնորհիւ հաստատուած սարքերուն, կարելի պիտի ըլլայ ունկնդրել եօթը օտար լեզուներով։