- Վերջերս, Հայաստան այցելած են՝ Աւստրիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ նախագահ ակադեմիկոս Էրիխ Շմիթ, Անգլիոյ մշակոյթի նախարար տիկին Ճենի Լի եւ խումբ մը ճափոնցի  գիտնականներ, որոնք տեսակցութիւններ ունեցած են հայ պետական դէմքերու եւ գիտնականներու հետ ու պտտած են երկրին տեսարժան վայրերը։

- Միջին Արեւելքի հայաշատ գաղութներէն 40 պատանիներ մօտաւորապէս մէկ ամիս մնացած են Հայաստան եւ Սեպտեմբեր 7ին վերադարձած են իրենց երկիրները։

- Հայ ճարտարապետութեան կոթողները անձամբ տեսնելու նպատակով Հայաստան այցելած է ռումանացի արուեստաբան Սորին Ուլեայի։ Մէկ ամսուան ընթացքին, ան ծանօթացած է Հայաստանի պատմական յուշարձաններու մեծ մասին։ Գացած է Էջմիածին, Զուարթնոց, Գառնի, Գեղարդ, Սեւան եւ Ապարան։ Ռումէն արուեստաբանը, քանի մը տարիէ ի վեր կը զբաղի հայ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեամբ։ Ան այս մասին ըսած է.- «Հայ ճարտարապետութիւնը բազմաթիւ երկրպագուներ ունեցած է Եւրոպայի մէջ։ Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին Ռումանիոյ ճարտարապետութիւնը փոխազդեցութիւններու լայն ֆոնի մը վրայ ուսումնասիրելու ուղղութեամբ։ Այդ նպատակով, խիստ շահեկան է հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութիւնը»։

- Պուլկարիոյ Կոլարովկրատ քաղաքի հայկական երգի եւ պարի խումբը վերջերս այցելած է Հայաստան եւ յաջող ելոյթ մը ունեցած Երեւանի Օփերայի սրահին մէջ։

- «Ավանգարդ» թերթին մէջ լոյս տեսած բաց նամակի մը մէջ կþըսուի՝ թէ «թեքնիկ գիտելիքներ»ու ուսուցումը տկար հիմերու վրայ դրուած է։ Այս առթիւ դիտել կը տրուի նաեւ, թէ գիւղական դպրոցները չունին համապատասխան փորձասենեակներ եւ տարրալուծարաններ։