Այսօր  կէսօրին  կը  յայտարարուի կառավարութեան նոր կազմը

24 ժամ տեւած գործընթացը կարելի չեղաւ աւարտել երէկ ուշ գիշերին, ինչպէս նախապէս ծրագրուած էր, Յունաստանի կառավարութեան նոր կազմն ու վարչապետը որոշելու պահը յետաձգելով:

Հակառակ, որ վերջնական կը թուէր ըլլալ Լուքաս Փափատիմոսի անունը, յանկարծ, առաւօտեան ժամերուն, յայտնի դարձաւ թէ գործընթացը կարելի չէ եղած աւարտել: Շարունակական փոփոխութիւններ, անհամաձայնութիւն ու տարբեր պահանջներ՝ դժուար դարձուցած են համաձայնութեան գոյացումը երկու իշխող կուսակցութիւններուն միջեւ:
Այսօր կէսօրին կը նախատեսուի Եորղոս Փափանտրէուի հանդիպումը հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ, ուր պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը: Անմիջապէս յետոյ՝ հանրապետութեան նախագահը պիտի հրաւիրէ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները, յայտարարելու համար նոր վարչապետին անունը:

«Այսօր պէտք է վերջանայ ամէն ինչ»

Տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոս շեշտեց կառավարութեան կազմութեան ծրագիրը յաջողապէս աւարտելու անհրաժեշտութիւնը, դիտել տալով թէ վտանգուած է երկրի կայունութիւնը եւ եւրոպական օժանդակութեան շարունակութիւնը: Ան աւելցուց, թէ Իտալիա եւ Սպանիա նաեւ վտանգի մէջ  են, ինչ որ աւելի բարդ  կը դարձնէ եւրոգօտին կայուն պահելու  պայմանները:

Պրիւքսել կը պնդէ Յունաստանի եւրոպացի գործընկերները կը պնդեն գրաւոր երաշխաւորանքներ ապահովելու իրենց պահանջին մէջ, վարկի 6րդ բաժինը փոխանցելու որպէս նախապայման: Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան ղեկավար Անտոնիս Սամարաս վիրաւորական բնորոշեց այս կեցուածքը, յստակացնելով թէ որեւէ մտադրութիւն չունի այսպիսի փաստաթուղթ մը ստորագրելու: Պրիւքսելէն պատասխանը անմիջական էր. «Առանց գրաւոր փաստաթուղթի՝ վարկի տրամադրում չկայ»...