Մարաթոնային բանակցութիւններէ ետք,  եւրօգօտիի տնտեսութեան նախարարները, համաձայնութեան յանգեցան երէկ գիշեր, Յունաստանի պարտքի գումարը ձեւափոխելով եւ յաւելեալ վարկի տրամադրումը յստակացնելով:

Միջազգային զօրաշարժ՝ ի նպաստ Յունաստանի

Երէկ Կիրակի երեկոյեան Պրիւքսել մեկնեցաւ Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս, անձամբ ստանձնելու համար 130 միլիառ եւրօի վարկի շուրջ բանակցութիւնները, եւրոպական շրջանակներուն հետ:

Երկրի  հանդէպ  միջազգային  հանրութեան  լրիւ  արժեզրկում 
եւ քաղաքական  կազմալոյծ  իրավիճակ


Օրինագիծը վաւերացուեցաւ 199 թեր քուէներով, մինչ 44 երեսփոխաններ հեռացուեցան կուսակցութեանց շարքերէն՝ մերժելով քուէարկել օրինագիծի օգտին

Յունաստանի աշխատաւորական սենտիքաները (ԵՍԷԷ, ԱՏԵՏԻ) բուռն ձեւով կը հակառակին կառավարութեան քաղաքականութեան: Անոնք ընդդիմանալու կոչ կÿուղղեն ժողովուրդին՝  48 ժամուայ գործադուլ յայտարարելով եւ յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով:

Օդի աննպաստ պայմաններ կը տիրեն Յունաստանի ամբողջ տարածքին: Ձիւնի պատճառով փակ կը մնան որոշ ճանապարհեր, մինչ նաւահանգիստները եւս փակ են զօրաւոր հովերուն պատճառով: