Խորհրդակցութիւններու երկար օրերէ ետք, երէկ կէսօրին, Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի կողմէ, կառավարութիւն կազմելու ուղղութիւն ստացաւ Յունաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին նախագահ, Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ նախագահ, Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս


«Պատիւն ու պատասխանատուութեան զգացումը ունիմ: Դիւրին պիտի չըլլայ մեր ճանապարհը, սակայն համագործակցութեամբ եւ խոհեմութեամբ կրնանք լուծել մեր հարցերը» դիտել տուաւ նորանշանակ վարչապետը, նախագահական ապարանքէն դուրս գալու ժամանակ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան համար, շեշտելով թէ քաղաքականութեամբ զբաղող անձ չէ, այսուհանդերձ իր ասպարէզի մեծ մասը տրամադրած է տնտեսական քաղաքականութեան կիրարման, թէ Յունաստանի եւ թէ Եւրոպայի մէջ: Ան կրկնեց նաեւ թէ  նորանշանակ կառավարութիւնը մէկ հիմնական պարտականութիւն ունի իր առջեւ, այն է գործադրել Հոկտեմբեր 26ին ստանձնուած  տնտեսական   քաղաքականութեան բարելաւման ուղղուած   եւրոպական որոշումները:
Երէկ գիշեր  ժամը 8ին ամբողջացաւ Յունաստանի համախոհական կառավարութեան զօրակցող երեք կուսակցութիւններու (ՓԱՍՕՔ-ՆՈՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԼԱՕՍ) ներկայացուցիչներու հանդիպումը, ուր ճշդուեցան կառավարութեան մասնակցող անդամները: Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Անտրէաս Լիքուրենծոս դիտել տուաւ, թէ հանդիպումը անցաւ «ստեղծագործական համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ»: Ըստ մամուլի տեղեկութիւններուն՝ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին ներքին գործոց, արդարադատութեան, քաղաքացիի պաշտպանութեան եւ ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւններուն մէջ: Պաշտօններ պիտի ստանձնեն երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նոր կառավարութեան երդման արարողութիւնը այսօր կէսօրին կը կայանայ:
Պատասխանելով ընտրութիւններու յստակ թուականի մասին, Լ. Փափատիմոս դիտել տուաւ, թէ ժամանակաշրջանը մօտաւորապէս ճշդուած է, այնպէս ինչպէս նախապէս համաձայնուած էր ՓԱՍՕՔ եւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութիւններու ղեկավարներու Եորղոս Փափանտրէուի եւ Անտոնիս Սամարասի միջեւ:
Միջազգային լրատուամիջոցներու մեծ մասը մանրամասնօրէն զբաղեցաւ Յունաստանի նոր կառավարութեան կազմութեան հարցով: Գերմանական, բրիտանական, ֆրանսական եւ ամերիկեան լրատուամիջոցները դիտել կուտան, թէ տնտե-սագէտ նոր վարչապետը իր ասպարէզի ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը իրականացնելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուի: