Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան ժողովրդային բազմամարդ հաւաք մը տեղի ունեցաւ:
Լոս Անճելըսի մէջ նոյնպէս, Ուրբաթ 28 Մարտին, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Քեսապի հայրենակցական միութեան հրաւէրին, զօրակցութեան ցոյց կատարեցին Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:
Զոյգ ցոյցերուն ընթացքին ցուցարարները թրքական իշխանութեանց կողմէ հովանաւորուած Քեսապի վրայ յարձակումները դատապարտող լոզունգներ հնչեցուցին։
Ցոյցի աւարտին, մասնակիցներուն իրենց պատգամը փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքպետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճաք Հաճինեան, Հայ Դատի յանձնախումպի Արեւմտեան Ամերիկայի գործատիր տնօրէն Էլեն Ասատուրեան, Քեսապի հայրենակցական միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ:
Բոլորս ալ քեսապցի ենք եւ թոյլ պիտի չտանք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կրկնեն ցեղասպան իրենց ոճիրները, շեշտեցին պատգամախօսները: Անոնք նաեւ պահանջեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, կասեցնել Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ փոքրամանութեանց դէմ կոտորածներ իրականացնող ծայրայեղական զինեալներուն տրուող օժանդակութիւնը եւ պահանջել «դաշնակից» Թուրքիայէն, որ դադրեցնէ սուրիահայութեան դէմ ընդհանրապէս եւ Քեսապի հայ բնակչութեան դէմ մասնաւորապէս՝ իր ցեղասպան գործողութիւնները:

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան կ'այցելէ Լաթաքիայի մէջ
պատսպարուող Քեսապահայ ծերունիներուն
Ուաշինկթըն Մտահոգ՝
Քեսապահայութեան
Իրավիճակով
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ յայտարարեց. «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Սուրիոյ Քեսապ բնակավայրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններով եւ բռնութիւններով, ինչ որ կը վտանգէ Քեսապի հայ համայնքը‘ անոր բազմաթիւ անդամները հարկադրելով տեղահան ըլլալ իրենց տուներէն»:
«Այնտեղ կան բաւական մեծ թիւով անմեղ քաղաքացիներ, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով: Այնտեղ գտնուող բոլոր քաղաքային անձերը եւ շրջանին սրբավայրերը պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Ինչպէս սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին բազմաթիւ անգամներ յայտարարած ենք‘ մենք կը ցաւինք Սուրիոյ քրիստոնեաները եւ այլ փոքրամասնութիւնները պատուհասած շարունակական սպառնալիքներուն համար», ըսաւ ան:
«Ինչպէս հաւանաբար արդէն տեղեակ էք, այս հարցը իրենց հանդիպումի ընթացքին քննարկած են նաեւ նախագահ Օպաման եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, այլ հարցերու շարքին անդրադառնալով նաեւ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս քրիստոնեաներու ծանր կացութեան», ըսաւ Հարֆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յիշեցուց զինեալներուն տարածած շարք մը հաղորդագրութիւնները, որոնց մէջ վերջիններս կը հաւաստիացնեն, թէ քաղաքայինները, փոքրամասնութիւններն ու անոնց սրբավայրերը իրենց համար թիրախ չեն: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ այդ խոստումները պիտի պահպանուին: Իսկ Միացեալ Նահանգներն ալ պիտի շարունակեն կայուն աջակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ մէջ ծաւալուող բռնութիւններէն վնասուածներուն, որոնց շարքին‘ հայերուն: Մենք շատոնց տագնապած ենք դաժան ծայրայեղականներէն բխող վտանգէն, եւ հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած վերջին սպառնալիքները միայն կ՛ընդգծեն մեր մտահոգութիւնը», ըսաւ Մերի Հարֆ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու ամերիկահայ գաղութը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, այցելեցին Միացեալ Նահնանգներու պետական պաշտօնէութեան:
Հանդիպման ընթացքին, հայրենի պատուիրակութիւնը, շեշտեց թէ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով, ոչ միայն տեղահան եղած է Քեսապի բնակչութիւնը, այլ ծայրայեղական զինեալները գողութիւններու դիմած են եւ եկեղեցիներ սրբապղծած:
Պատուիրակութիւնը պահանջեց որ, շուտափոյթ կերպով աշխատանք տարուի, կատարելու համար հետեւեալները.-
-Պաշտօնապէս դատապարտել «Ալ Քայիտա»ի գործակցութեամբ եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ, կատարուած յարձակումը` Քեսապի վրայ:
- Անմիջապէս պահանջել զինեալներու հեռացումը շրջանէն եւ բնակչութեան վերադարձը:
-Շրջանէն ներս հաստատել ապահովական միջոցառումներ, կանխարգիլելու համար այլ յարձակումներ:
Թուրք Մտաւորականներ
Կը Քննադատեն Քեսապի Հարցով
Անգարայի Դիրքը
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ սահմանամերձ ու մեծամասնութեամբ հայաբնակ Քեսապի վրայ կատարուած վերջին յարձակումը, որուն հետեւանքով քեսապցիները ստիպուեցան խոյս տալու քաղաքէն, կը շարունակէ մտահոգել Թուրքիոյ բազմաթիւ յառաջապահ մտաւորականները, որոնք հարց կու տան, թէ Թուրքիա որքա՞ն պատասխանատուութիւն ունի Քեսապի վրայ «Քայիտա»ի ահաբեկիչներուն կողմէ գործուած յարձակումներուն մէջ։
Այս մասին լրագրող Հրանդ Գասպարեան, «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէն արձագանգ կը հանդիսանայ կարծիքին թուրք քանի մը յառաջապահ գրողներու ու քաղաքագէտներու, որոնք կը հակազդեն այս խնդիրին մէջ Թուրքիոյ ստանձնած դերին։ Մտաւորականները նախ հարցականի տակ կ՛առնեն Թուրքիոյ այն պնդումը, թէ քանի մը օր առաջ զգետնուած սուրիական օդանաւը անցած էր Թուրքիոյ սահմանը՝ աւելցնելով, թէ օդանաւը շատ հաւանաբար Քեսապը պաշտպանել կը փորձէր...:
Հրատարակիչ ու հրապարակագիր Ռակըպ Զարաքօլու դիտել կու տայ, որ «գեղեցիկ Քեսապ»ին մասնայատկութիւնը հայկական ըլլալն է։ «Հոն ապրող հայերը, 1915էն ու 1939էն ետք՝ երրորդ անգամ ըլլալով գաղթական դարձան», կ՛ըսէ ան ու հարց կու տայ, թէ Թուրքիա ինչո՞ւ պաշտպան չի կանգնի Քեսապի սահմանին ու կը պահանջէ, որ Թուրքիա շուտով փոխէ Սուրիոյ հարցով իր քաղաքականութիւնը։
Պատմաբան Սայիտ Չեթինօղլու եւս կը գովէ Քեսապի գեղեցկութիւնը՝ ըսելով, որ հոն ինք ունի հայ բարեկամներ, որոնցմէ մէկը պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանն է: Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ քեսապցիներու կեանքի պայմաններուն նկատմամբ ու կը պնդէ, թէ Թուրքիայէն գացող ահաբեկիչները կրնան դժոխքի վերածել դրախտային այս քաղաքը։ «Պէտք չէ արտօնուի, որ հայերու դէմ նոր սպանդ մը գործուի», կ՛ըսէ ան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ բանուորական եւ ընկերվարական կուսակցութիւններ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին եւ կառավարութիւնը մեղադրեցին պատերազմի գրգռութիւն ընելու յանցանքով։