Կիպրոսի ընկերվարական ԷՏԷԿ կուսակցութեան հրաւէրով երկօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մարիօ Նալպանտեանը:

Մարիօ Նալպանտեան Եաննիս Քասուլիտիսի հետ
Մարտ 31-ի առաւօտեան ընկ. Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ հիւրընկալ ԷՏԷԿ կուսակցութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքագէտներու աւագ սերունդի կարկառուն ներկայացուցիչ տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի հետ, որ խանդավառութեամբ յիշած է 1999-ին ՀՅԴ-ի հրաւէրով Հայաստան իր այցելութիւնը:
Մարիօ Նալպանտեան Վասոս Լիսարիտիսի հետ
Նոյն օրը ընկ. Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Եոաննիս Քասուլիտիսի հետ, ուր քննուեցան Հայաստանն ու Կիպրոսը յուզող զանազան հարցեր: Նախարար Կասուլիտիս դարձեալ հաստատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը եւ յոյս յայտնեց, թէ անոնք հետզհետէ կը դառնան աւելի արդիւնաւոր: Տարածաշրջանային հարցերու կարգին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պարագան, երբ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան նախարարի ուշադրութեան յանձնեց ծայրայեղականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած Քեսապի պարագան, ուր թրքական պետութեան մեղսակցութիւնը ակնյայտ է:
Ընկ. Մարիօ Նալպանտեան ապա ընդունուեցաւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան եւ ԵՏԷԿ կուսակցութեան նախագահ Եաննաքիս Օմիրուի կողմէ: Հանդիման ընթացքին քնուեցան Կիպրոս-Հայաստան խորհրդարանական կապերը, որոնք բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Խորհրդարանի նախագահը տեղեկութիւններ տուաւ կիպրական հարցի լուծման բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին, միեւնոյն ատեն յայտնելով իր մտահոգութիւնները որոշ զարգացումներու նկատմամբ: Երկուստէք շեշտուեցաւ նաեւ ԷՏԷԿ-ՀՅԴ միջ-կուսակցական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալու եւ համագործակցութեան ծրագիրներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը:
Կէսօրէ ետք ընկ. Մարիօ Նալպանտեան տեսակցութիւն ունեցաւ ԷՏԷԿ-ի կնոջական բաժնի պատասխանատուներուն հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի կազմին հետ, ուր քննարկուեցան երկու երկիրները յուզող տարածաշրջանային զանազան հարցեր եւ միջազգային քաղաքական զարգացումներ:
Հանդիպումները կը շարունակուին: