«Քեսապահայերը մեծ յոյսեր ունին, որ հայրենի Քեսապը շուտով պիտի ազատագրուի», հաստատած է Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Ան նշած է, որ սուրիական բանակը յառաջացած է՝ հսկողութիւնը հաստատելով զինեալներուն գրաւած տարածքներուն մէջ: Վազգէն Չափարեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քեսապէն հեռանալ չուզած մօտ 32 տարեցներէն 12ը դուրս եկած են եւ Թուրքիոյ տարածքով անոնք տարուած են Հալէպ կամ Լաթաքիա:
Քաղաքապետը հերքած է այն լուրերը, թէ առեւանգուած են 22 քեսապահայեր։