Ռուսական RT (Russia Today) հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ, թէ Քեսապի եւ անոր մերձակայ բարձունքներուն շուրջ բուռն բախումները կը շարունակուին։

Սուրիական բանակի ուժերը կը համալրուին նոր ստորաբաժանումներով յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար Թուրքիոյ սահմանէն Քեսապ ներխուժած ա-հաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներուն վրայ։ Սուրիական բանակի ուժերը յատկապէս ճնշումը սաստկացուցած են Քեսապի հարաւակողմէն։

Լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձուցած է Քեսապի շրջակայքը եւ Քալատուրանի մէջ գըտնուող ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը, իսկ սուրիական օդուժը հար¬ ւածած է Քեսապի մօտ գտնուող Քոզ լերան եւ Խըրպեթ Սուլասի մէջ գտնուող մեծաթիւ զինեալներ: