Լ արուածութեան մագլցումի ցուցանիշ նկատւող եւ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, թրքական իշխանութիւնները երէկ քանի մը ժամով փակեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանը, մինչ Թրքական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ջնջեց սուրիական վարչակազմին նկատմամբ զօրակցութեան իր նստացոյցը:


Սահմանային անցքի փակման պատճառները անյայտ կը մնան, սակայն աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին  յայտնեցին, որ սուրիական վարչակազմի համակիր- ներ Թուրքիա մուտք գործած են, ինչ որ թրքական իշխանութիւնները մղած է ապահովական պատճառներով վերոնշեալ նստացոյցը ջնջելու եւ անցքը փակելու:
Մինչ այդ, թրքական պատասխանատու աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ կացութիւնը պայթուցիկ վիճակ կը պարզէ եւ կրնայ բուռն բախումներու առաջնորդել: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը  յայտնեց, որ Թուրքիա մեծապէս մտահոգ է սուրիական բանակին իրեն հետ սահմանէն քանի մը քայլ անդին կատարած շարժումներէն, ինչպէս նաեւ բարեփոխումներ կատարելու Թուրքիոյ կոչերուն մերժումէն: