ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու» մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ։
Կայքէջը կը նշէ, որ 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈՒԱՄ տարածքին մէջ երկարաձգուող հակամարտութիւններու (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտավիա)

եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութեան եւ զարգացման համար անոնց» հետեւանքներու», մասին կէտը։

«Էխօքավքազա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանն ու Ռուսիան ՄԱԿ-ի մէջ դէմ քուէարկած են Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն բռնի տեղահանուածներու կարգավիճակը սահմանող բանաձեւին։ Բանաձեւին թեր քուէարկած են Միացեալ Նահանգները, Ատրպէյճանը, Պալթեան երկիրները, Բրիտանիան եւ քանի մը տասնեակ երկիրներ։ Թուրքիա, Զուիցերիա, Իսրայէլ եւ 71 այլ պետութիւններ ձեռնպահ մնացած են։
Բանաձեւը որդեգրուած է 57 թեր եւ 13 դէմ քուէներով։