Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Պենկազի կատարած այցելութեան յաջորդեց իր յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա 200 միլիոն տոլարով պիտի օժանդակէ ըմբոստներու Ազգային Խորհուրդը: Տաւութօղլու յայտնեց թէ «պահը եկած է, որ Քատաֆի հեռանայ Լիպիայէն»: Ինչպէս կը հաղորդեն թրքական լրատու գործակալութիւնները, Թուրքիա արդէն  ետ կանչած է Լիպիոյ մէջ իր դեսպանը:

Թուրքիա մարդասիրական օտար կազմակերպութիւններուն

կ՛արգիլէ Աղեքսանտրեթի մէջ սուրիական գաղթակայանները այցելել


Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարդասիրական օժանդակութեան օտար կազմակերպութիւնները չեն կրցած մուտք գործել Աղեքսանտրեթի նահանգ, ուր սուրիացի գաղթականներ կը գտնուին։
Թուրք պաշտօնատարներ «Միլլիյէթ»ի յայտնեցին, որ  թրքական գաղտնի սպասարկութիւն ՄԻԹ-ը եւ ապահովական մարմիններ մտահոգ են, որ «լրտեսներ» կրնան գաղթակայաններ ներթափանցել։
Թրքական «Զաման» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ գաղթակայաններուն մէջ ծնած են սուրիացի 23 նորածիններ, որոնցմէ հինգը Ռեճեփ Թայիփ անուանուած են։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրվելը Թուրքիա իր այցելութեան նախօրեակին «Հիւրրիյէթ» օրաթերթինլ հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ Թուրքիոյ դիրքը նկատառելի կերպով ամրապնդուած է։ Ան ըսած է, թէ Թուր-քիա Սուրիոյ մէջ ներկայ տագնապի լուծման համար բանալի դերակատարութիւն մը կը կատարէ։ Աւելին, ան Աֆղանիստանի, Իրանի, Իրաքի, Լիպիոյ, Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ զարգացումներուն նկատմամբ նկատառելի քայլեր առած է։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիան եւ Գերմանիա այս շրջանին մէջ նոյնպիսի շահեր ունին։
Լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթը իր Շաբաթ օրուան թիւով հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յղած է նամակ մը, որուն մէջ Ասատի կոչ ուղղած է՝ կառավարական նոր փոփոխութիւն մը կատարելու։