2007ին Հրանդ Տինքի ոճրասպանութենէն ետք, թրքական իշխանութիւնները բազմիցս ամբաստանուեցան թէ ոչինչ ըրին Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կանխելու համար։ Յիշեցնենք, 14 Սեպտեմբեր 2010ին

Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոպական դատարանի որոշումը, որ Թուրքիոյ իշ-խանութիւնները կþամբաստանէր անբաւարարութեամբ՝ ծայրաստիճան ազգայնամոլական խմբակներէն Հրանդ Տինքի կեանքը պաշտպանելու իրենց պարտականութեան մէջ։ Այդ օր Անգարա կը դատապարտուէր 100.000 եւրօ տուգանքի հատուցման, մինչ ոճրասպան Օկիւն Սամասթի եւ 18 այլ կասկածելիներու դատավարութիւնը ընթացքի մէջ էր։

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան համաձայն, Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով վեց թուրք ոստիկաններ եւս բանտարկութեան դատապարտուած են։ Տրապիզոնի քրէական երկրորդ ատեանը Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Օզին եւ ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ, գնդապետ Մեթին Եըլտըզը վեցական ամսուան բանտարկութեան դատապարտած է։

Անցեալ Հինգշաբթի գիշեր, Թուրքիոյ դատարանի որոշումով, չորսական ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցան նաեւ չորս ոստիկաններ, իսկ երկու ուրիշներ՝ ազատ արձակուեցան։ Ալի Օզին ու անոր հրամանին տակ գտնուողները կը մեղադրուէին Տինքը պաշտպանելու իրենց պարտականութեան մէջ թերանալու յանցանքով:

Տինքը սպաննած ոճրագործը՝ Օ. Սամասթ Տրապիզոնէն է: