Թուրքիոյ նորընտիր խորհըրդարանին մէջ ստեղծուած է անհամ կացութիւն: Քիւրտ պատգամաւորները երդման արարողութեան ժամանակ հրաժարած են երդման թուղթին հետեւեալ կէտը կարդալէ՝ «հաւատարիմ պիտի մնամ Աթաթուրքի սկզբունքներուն»:

Անոնք յայտարարած են, որ այդ արտայայտութիւնները կը հակասեն իրենց գաղափարներուն:
Ըստ «Միլլիյէթ»ի՝ քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը չÿաջակցիր երեսփոխաններու  այս կեցուածքին, քանի որ այդպիսով խորհրդարանին մէջ պիտի ստեղծուի լուրջ տագնապ: