• Սեպտեմբեր 19-ին սկսաւ սկաուտական միջազգային համաժողովը Լիզպոնի մէջ: Ամէն երկու տարին անգամ մը 76 ազգերու ներկայացուցիչներ կը համախմբուին եւ շաբթուան մը ընթացքին կը զբաղին միջազգային սկաուտական հարցերով:

  • «Թասս»ի Դամասկոսի թղթակիցը Հայաստանի պարախումբի առաջին ներկայացման առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 10-ին Դամասկոսի 8-րդ միջազգային տօնավաճառին առթիւ, կը գրէ.

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան 11-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցան ակադեմական Վ. Համբարձումեան եւ խումբ մը հայ աստղագէտներ՝ Բիւրականէն եւ Երեւանէն:

  • Սիլվա Կապուտիկեան վարձատրուեցաւ իբրեւ Խորհրդային Միութեան լաւագոյն երգին բառերուն հեղինակը: Արդարեւ, յատուկ կազմուած  դատակազմը պատուոյ գիրերով վարձատրեց բանաստեղծուհին՝ իր «Բխած ամպից, սարի տակից» յուզաթաթաւ  քերթուածին համար:

  • Երկու երկրաբաններ՝ Գ. Հայրապետեան եւ Մ.   Եպիսկոպոսեան, յաջողած են արժէքաւոր մետաղ մը ստանալ պղինձի թափուկներէն: Նոր մետաղը կը կոչուի Սելէն: