- Յաջորդ օրերուն իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Սովիէթ Միութեան Համայնավար կուսակցութեան 22-րդ համագումարը, որուն առջեւ կը կարծուի թէ՝ մեծ ճառ մը պիտի խօսի վարչապետ պրն. Խրուշչէվ: Հաւանաբար, պրն. Խրուշչէվ անդրադառնայ Պերլինի եւ այլ հարցերու շուրջ Արեւմուտքի հետ ունեցած առաջին շփումներուն: Կը նախատեսուի թէ պրն. Խրուշչէվի ճառը պիտի տեւէ ութը ժամ: Համագումարը պիտի վաւերացնէ յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին Սովիէթ Միութեան մէջ համայնավարութեան կառուցման հիմերու հաստատման համար պրն. Խրուշչէվի պատրաստած մեծաշուք ծրագիրը, որ վաւերացուեցաւ Կերդ. Կոմիտէի կողմէ: Սովիէթ ղեկավարը համագումարին պիտի ներկայացնէ նաեւ կուսակցութեան նոր ծրագիրը, որ պիտի փոխարինէ հինը, զոր 1919ին ներկայացուցած էր Լենին: Ամէն պարագայի մէջ, ոչ մէկ տեղ յիշատակուած է Սթալինի անունը:
- Մոսկուայի համայնավար Երիտասարդացի պաշտօնաթերթ՝ «Կոմսոմոլսկայիա Փրաւտա» կը յայտնէ թէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն դէպի Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի սահմանագլուխը ճամբայ ելած սովիէթական սաւառնակի մը մէջ գտնուող երեք հայեր, ճամբու ընթացքին, դանակներ հանելով՝ վարիչին սպառնացած եւ առաջարկած են սաւառնակը երկրի սահմաններէն դուրս առաջնորդել: Երբ սաւառնորդը ընդդիմացած եւ փորձած է անկանոն վայրէջք կատարել, սաւառնակը ինկած եւ ջախջախուած է սովիէթական հողի վրայ: Երեք հայերէն մէկը սպաննուած է սաւառնակի անկումին հետեւանքով իսկ միւս երկուքը՝ ծանրօրէն վիրաւորուած եւ ձերբակալուած են: Օդանաւորդը դանակի հարուածներով վիրաւորուած է ինը տեղէ, գլխէն, կուրծքէն եւ ձեռքերէն: Ցոյց տուած իր ընթացքին համար՝ սաւառնորդը շքանշան ստացած է: