Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան 11-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցան ակադեմական Վ. Համբարձումեան եւ խումբ մը հայ աստղագէտներ՝ Բիւրականէն եւ Երեւանէն:

Հայազգի աստղագէտը՝ Վ. Համբարձումեան, նախագահ ընտրուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան: Վերադարձին, Երեւանի մէջ, ակադեմական Վ. Համբարձումեան տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի Հեռագրական գործակալութեան թղթակիցին հետ եւ հետեւեալ յայտարարութիւնները ըրած է. «Միջազգային աստղագիտական միութեան համագումարները տեղի կ՛ունենան երեք տարին անգամ մը: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ համագումարը տեղի ունեցաւ 1958-ին, Մոսկուայի մէջ: «Այս վերջին համագումարը տեղի ունեցաւ Պերքլիի մէջ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը: Համագումարի ընթացքին, իւրաքանչիւր գիտնական ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները տեղեկատուութեան ձեւով: Մշակուեցաւ համագործակցութեան ծրագիր մը բոլոր բնագաւառներուն համար: Հետազօտութիւնները ներդաշնակելու աշխատանքները կը կատարեն Միջազգային աստղագիտական միութեան քառասուն մնայուն յանձնախումբերը: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց առաջին անգամ ըլլալով Բիւրականի մէջ  յայտնաբերուած ճերմակ թզուկներէ բաղկացած աստղակուտակը: Համագումարի ընթացքին տրուեցան կարեւոր որոշումներ: Ասկէ եւ նիստերէն զատ տեղի ունեցան բազմաթիւ ոչ պաշտօնական հանդիպումներ, միշտ հետաքրքրական խօսակցութիւններով: Հայ աստղագէտները այլ կարգի բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան Քալիֆորնիա բնակող հայերու հետ: Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայերը ընդունելութիւններ կազմակերպեցին՝ ի պատիւ հայ աստղագէտներուն: