Ազդակ կը հրատարակէ.- Ազգային «Յառաջ» վարժարանի Շրջանային միութիւնը իր կազմութենէն ի վեր, ամէն տարի, առանց բացառութեան, թատերական ընտիր ձեռնարկ մը կ՛ընէ՝ ընդառաջելով ժողովուրդի բուռն ցանկութեան: Սակայն հարկ է յայտնել, թէ այս տարուան տրամախօսութիւնը՝ «Խաղամոլը», որ ներկայացուեցաւ 17 Սեպտեմբեր 1961, Կիրակի,
երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի Ազգային «Յառաջ» վարժարանի Տիգրանեան սրահին մէջ, գլեց անցաւ նախորդները, տրուած ըլլալով, որ շատ լաւ էր պատրաստուած, ու դերակատարներն ալ մինչեւ վերջ յաջող կերպով տարին իրենց դերերը՝ արժանանալով գնահատութեան: Բեմի յարդարումն ալ, տրուած պայմաններուն տակ, գոհացուցիչ էր: Ներկայացման թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական բաժինները գոհացուցիչ էին: Ժողովուրդը շատ գոհ եւ ուրախ տրամադրութեան տակ բաժնուեցաւ սրահէն:
Եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքները.- Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները յառաջ կ՛ընթանան, մայր խորանի եւ զանգակատան շինութիւնը պէտք է աւարտած նկատել: Կամարներու, սիւներու, պատերու եւ յարակից գործերու աշխատանքները իրենց լրումին հասցնելու համար ո՛չ մէկ ջանք կը խնայուի: Այժմ, մայր գմբէթի աշխատանքները տենդագին յառաջ կը տարուին: Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կառուցման աշխատանքները վերջացած կ՛ըլլան արդէն:
Ամառնային վարժարան.- «Յառաջ» վարժարանը այս տարի եւս շարունակեց ամառնային դասընթացքները: Ամառնային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները ամսոյս 10-ին տուին գեղեցիկ հանդէս մը: Եղան երգեր, պարեր, արտասանութիւններ, մեներգներ, պզտիկ զաւեշտ մը եւ այլն: Տիգրանեան սրահը լեցուն էր: Ժողովուրդը, որ միշտ կը գնահատէ նմանօրինակ ձեռնարկներ, ապրեցաւ վայելքի պահեր ու մեկնեցաւ գոհունակ սրտով: